ԵՐԵՒԱՆ.- Վանաձորի եւ Վարդենիսի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴի տօնակատարութիւններուն Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան յայտնեց, որ 2018ին Դաշնակցութիւնը չնսեմացուց հասարակ մարդոց մղումները եւ, անկախ այդ բոլորին մէջ ամէն տեսակ կասկածելիներու ներգրաւուածութենէն ու հաւանական վտանգաւոր զարգացումներէն, կուռ միաւորներով միացաւ այդ ազնիւ մղումներուն։
Ան յիշեցուց, որ այդ օրերուն երկար ծանր ու թեթեւ ընելով զարգացումները, գիտակցելով, որ մարդիկ փոփոխութիւններ կ՛ուզեն, Դաշնակցութիւնը միացաւ՝ յոյսով, որ իր ժողովներու եւ նիստերու քննարկումներուն ընթացքին մատնանշուած բոլոր խրտվիլակները, ապազգային, ցինիկ, բարոյական եւ մարդկային նկարագիրէ զուրկ անձեր, կասկածելի աղբիւրներէն սնուած «գրանտակերները», քաղաքական անցեալ չունեցող ծաղրածուները, որոնք յայտնուած էին փողոցային առաջնորդներու դերին մէջ, շուտով պիտի մնան համաժողովրդական շարժման ալիքին տակ, եւ շարժումը կը զտէ, կը մաղէ ամէն ինչ եւ բոլորը։
Ըստ անոր՝ իբրեւ հետեւանք նոր իշխանութեան մէջ տեղ գտան նշեալ բանսարկուները եւ իշխանութեան կազմութենէն կարճ ժամանակ անց գործի անցաւ կազմաքանդիչ մեքենայ մը, որուն ղեկը կ՛ուղղորդուէր յայտնի նախկինի ձեռքով։
«Որոշներն անգամ այնքան էին տրուել այդ ալիքների ազդեցութեանը, որ յեղափոխական կուսակցութեանը յեղափոխութիւնների տեսութեան դասեր էին տալիս՝ կրկին մեղադրելով նրան, որ չի տեսնում կամ չի ուզում տեսնել «յեղափոխական» Հայաստանի վերընթաց ուղին», ըսաւ ան։
Իշխան Սաղաթելեան սթափութեան կոչ ուղղեց այդ շրջանակներուն. «Հայրենակիցնե՛ր, պարզապէս հաշուենք, թէ Դաշնակցութիւնը, հիմնադրուելով Օսմանեան Թուրքիայում եւ Ցարական Ռուսաստանում տեղի ունեցող փոթորկուն իրադարձութիւնների շրջանում, իր 129ամեայ պատմութեան ընթացքում քանի՞ իշխանափոխութեան կամ յեղափոխութեան նախաձեռնողը, ականատեսն ու մասնակիցն է եղել»։