Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Տաճատ վրդ. Աշըգեան եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան իրենց ուսման եւ ծառայական առաքելութեան աւարտին վերադարձան Անթիլիասի Մայրավանք:
Վեհափառ հայրապետին տնօրինումով Տաճատ վրդ.ը նշանակուեցաւ Դպրեվանքի հսկիչ, իսկ Պարոյր վրդ.ը՝ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչ եւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) հոգեւոր խորհրդատու:
Յիշենք, որ վերոյիշեալ հայր սուրբերը Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ֆրեզնոյի մէջ փոխարինեցին Սմբատ վրդ. Սապունճեանը եւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեանը: