ՏՅՏ
Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած Ս. Գրային սերտողութեան խմբակներու տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին, Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ։ Տօնակատարութիւնը կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը։
Գրիգոր Մսըրլեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց, թէ ասիկա գեղեցիկ առիթ մըն է վայելելու սրբազան հօր ներկայութիւնը, որ կը զուգադիպի մեր Սուրբ Գրոց դասընթացքներու հիմնադութեան 30րդ տարեդարձին։ Այս կապակցութեամբ, ան յուշանուէր մը նուիրեց սրբազանին եւ հրաւիրեց, որ կատարէ բացման խօսքը եւ սեղաններու օրհնութիւնը։
Սրբազանը, հիմնուելով Սրբոց Թարգմանչաց տօնին իմաստին վրայ՝ բացատրեց, թէ Աստուծոյ խօսքը կը սերտենք կարդալով Աստուածաշունչը ու գործադրելով Տիրոջ պատուիրանները։ Ան գնահատեց Գրիգոր Մսըրլեանի նուիրեալ ծառայութիւնը մեր թեմի եկեղեցիներուն եւ շնորհաւորեց մեր խմբակներու կազմութեան երեսունամեակը, յաջողութիւն մաղթելով։
Ապա, սրբազան հայրը, հոգեւոր հայրերը եւ ներկաները միասնաբար երգեցին «Հայր Մեր»ը եւ Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած շարականը։
Սեղաններու օրհնութիւնէն, ետք Գրիգոր Մսըրլեանի յուշանուէրներ պարգեւեց հետեւեալներուն, իրենց երկարամեայ մասնակցութեան եւ ծառայութեան համար. Սարգիս Տէրվիշեան, Նայիրի Գոճապապեան, Յակոբ Տիգրանեան, Գօգօ Անալեան, Շաքէ Սեդրակեան, Նուարդ Պալըքճեան, Հրաչ Եսայեան եւ Սարգիս Կէնճեան։
Մատլէն Թաթոյեան՝ իբրեւ յայտագիրի վարիչ, ողջունեց բոլորիս ներկայութիւնը այս կարեւոր տօնին առթիւ։ Ապա հրաւիրեց Արտուշ Նաւշադեանը, որ յուզիչ կերպով ընթերցեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը։
Այնուհետեւ, Ռիմա Մանուկեան ընթերցեց Յեսուի գիրքէն համար մը, ուր իսրայէլացիք կը խոստանան՝ «Մենք Եհովան պիտի պաշտենք որովհետեւ մեր Աստուածը Ինքն է»։
Սարգիս Կէնճեան եւ Հրաչ Եսայեան իրենց երգով ու նուագով քրիստոնէական ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին բոլորիս համար։
Ցոլակ Չիլինկիրեան անգլերէնով կարդաց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքէն բաժին մը, որուն մէջ ան կը բացատրէ եկեղեցւոյ խորհուրդը՝ անհաւատներուն դէմ։
Յաջորդիւ, Նուարդ Պալըքճեան ընթերցեց Ժագ Յակոբեանի «Աստուածաշունչ» ոտանաւորը, իսկ Յակոբ Տիգրանեան բացատրեց Ս. Թարգմանիչներուն իրագործումները, սկսելով Աստուածաշունչի թարգմանութենէն՝ յունարէնէն հայերէնի։ Ան շեշտեց, որ անոնց շնորհիւ հայ մշակոյթ եւ գրականութիւն ստեղծուեցաւ եւ կարելի եղաւ մեր ազգը ձուլումէ փրկել։
Ապա, Թագուհի Սիմոնեան կարդաց Մուշեղ Իշխանի «Հայ Լեզուն» բանաստեղծութիւնը, մինչ Էմա Նաւշաթեան ընթերցեց Պարոյր Սեւակի ոտանաւորներէն մաս մը, իսկ Շաքէ Սեդրակեան՝ Ժագ Յակոբեանի բանաստեղծութիւնէն հատուած մը։
Մեր բոլորին շնորհակալութիւնը յայտագիրին մասնակցողներուն, յայտագիրը վարող Մատլէն Թաթոյեանին, ինչպէս նաեւ մեր ուսուցիչ Գրիգոր Մսըրլեանին, որ կազմակերպեց այս գեղեցիկ ու հոգեպարար տօնակատարութիւնը։ Այս առթիւ Ցոլակ Չիլինկիրեան բոլորիս կողմէ շնորհակալութեան յուշանուէր մը տուաւ անոր։
Սրտաբուխ նուիրատուութիւններու գումարը փոխանցուեցաւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան՝ գործածելու համար զայն եկեղեցւոյ պայծառութեան։
«Տէրունական» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով վերջ գտաւ այս գեղեցիկ տօնակատարութիւնը։