ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, պատմութեան դասախօս փրոֆ. Մարի Ֆիրքաթեան «Ապրիլ» գրատան մէջ պիտի ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի հայկական ճաշատեսակներուն նուիրուած իր իւրայատուկ հատորը, որ նոյն ժամանակ հեղինակին նախնիներուն յուշագրութիւնն է։
Հեղինակին մօտաւորապէս 10 տարիներու աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող «Home Again: Armenian Recipes from the Ottoman Empire» հատորին մէջ կան առաւել քան 175 խոհագիրներ, որոնք գաղթերու ընթացքին երկրէ երկիր փոխադրուած են՝ հասնելով Միացեալ Նահանգներ։ Մուտքը ազատ է։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել՝ (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։