ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները, որոնք 7 Նոյեմբերին սկսան բողոքի ցոյցի մը Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան շէնքին առջեւ, գիշերեցին հոն եւ իրենց ցոյցը շարունակեցին 8 Նոյեմբերին՝ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով:
Ցուցարարներուն հետ զրուցեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ հաստատեց, որ ինք չի կիսեր նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջը, զոր ներկայացուցին դաշնակցական երիտասարդները։
Փաշինեան հարցուց, թէ ճիշդ ի՛նչ թէզերէ մեկնած կը բողոքեն երիտասարդները՝ նշելով, որ կրթութեան ոլորտին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները ոչ թէ նախարարութիւնը, այլ կառավարութիւնը կը կատարէ։
«Ինչի որ թալանչի լինէր, ընդունելութեան քննութիւններին փող առնէր, ոչ մէկը դէմ չէր լինի, չէ՞: Արայիկ Յարութիւնեանը չի իրականացնում Հայաստանի կրթական քաղաքականութիւնը, այն իրականցնում է կառավարութիւնը, եւ ես երէկ կառավարութեան նիստում այդ թեմային անդրադարձել եմ», ըսաւ Փաշինեան:
Ցուցարարները դժգոհութիւն յայտնեցին նաեւ նախարարին՝ դաշնակցականներուն ուղղուած արտայայտութիւններէն, իսկ Փաշինեան ըսաւ, որ չի կարծեր, թէ նախարարը նման վիրաւորական արտայայտութիւններ ունեցած ըլլայ:
Յիշեցնենք, որ նախարարը 7 Նոյեմբերին ըսած էր, որ «անդաստիարակ պահուածքը, որ դրսեւորում է Դաշնակցութիւնը, պատիւ չի բերում մեր ամենահին կուսակցութիւններից մէկին»։
«Խիստ կասկածում եմ, որ այսպէս ասած լինի: Չի կարող այդպիսի գնահատական լինել», նշեց Փաշինեան:
Երիտասարդները մեթրոյի ժետօն (կլոր մետաղ՝ դրամի փոխարժէքով-Խմբ.)) փոխանցեցին իրենց հետ հանդիպման եկած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ խնդրելով փոխանցել նախարարին: «Սա իր արած յայտարարութիւնները եւ ժետոնը, խնդրում եմ փոխանցէք», ըսաւ ցուցարարներէն մէկը՝ նախարարին յանձնելով Արայիկ Յարութիւնեանի կատարած յայտարարութիւններուն տպագիր տարբերակը:
Մեթրոյի ժետօնն ալ երիտասարդները փոխանցեցին՝ պնդելով, որ եթէ Յարութիւնեան չի գիտեր, թէ ի՛նչ վերաբերմունք կայ հասարակութեան մօտ իրեն նկատմամբ, ապա կրնայ օր մը մեթրոյով տուն երթալ եւ հարցնել մարդոց։ «Ինքը, կարծում եմ, 100 դրամ կ՛ունենայ», ըսաւ Փաշինեան, մինչդեռ ցոյցի մասնակիցը պնդեց, որ Փաշինեան իրենց տուած ժետօնը փոխանցէ նախարարին՝ ըսելով. «Ժողովրդի ժետօնը փոխանցէք»:
Փաշինեան վերցուց ժետօնը՝ ըսելով. «Ժողովրդի ժետօնը ես կը պահեմ որպէս յիշատակ»:
Ցոյցի մասնակիցները Փաշինեանին նաեւ հարց տուին ծանրամարտիկ Մելինէ (Մել) Դալուզեանի մասին պատմող ժապաւէնի ֆինանսաւորման մասին. վարչապետը ըսաւ. «Հիմա տարբեր երկրների ներկայացուցիչներ մեր չեմպիոնի մասին ֆիլմ են նկարում, իրենք 90 տոկոս ֆինանսաւորումն անում են, ու ասում են՝ քանի որ ձեր երկրի չեմպիոնի մասին է մի փոքր էլ դուք ֆինանսաւորէք: Այն մարդն, ում մասին խօսում էք, եռակի չեմպիոն է, մարդ է, որի պատուին 3 անգամ Հայաստանի դրօշը բարձրացուել է ու Հայաստանի հիմն է հնչել»:
Մասնակիցներէն մէկը դիտել տուաւ. «Այդ ֆիլմը տեսնելով ի՞նչ ուղերձ է ստանալու ապագայ մեր սերունդը: Դրան զուգահեռ մերժւում են ֆինանսաւորումներն ուղղուած մեր թագաւորների մասին ֆիլմերին ու «Հայ ասպետ» հաղորդմանը»:
«Ոչ մի արձագանգ չի եղել, ոչ մէկի հետ չենք հանդիպել, գիշերն անցկացրել ենք այդտեղ, նստացոյցը բնականոն իր ընթացքով շարունակւում է: Նախարարին չենք տեսել, յետնամուտքով է գալիս երէկուանից», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչ Արգիշտի Գէորգեան:
Ցուցարարներու պահանջքին միացաւ նաեւ Շիրակի պետական համալսարանը, ուր ստորագրահաւաք տեղի ունեցաւ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով։
Նշենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան շարժման ու նախարարութեան դիմաց կատարուող նստացոյցին միացան նաեւ տարբեր համալսարաններու ուսանողներ եւ քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ՝ ՀՅԴ սփիւռքահայ երիտասարդական միութիւններ։