ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եւ Արցախի հետ Պելճիքայի հոլանտախօս պատգամաւորներու բարեկամութեան խումբի անդամները 7 Նոյեմբերին հիւրընկալուեցան Պելճիքայի Ֆլաման նահանգի խորհրդարանին մէջ:
Ֆլաման օրէնսդիր մարմինէն ութ անդամներ, ներառեալ ծերակուտականներ մասնակցեցան հանդիպման, որուն ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ գործադիր տնօրէն Հեղինէ Եւինեան:
Շարք մը այլ հարցերու կողքին, հանդիպման մասնակցողները քննարկեցին Արցախի եւ Ֆլանտրիայի միջեւ ապակեդրոնացած համագործակցութեան կարելիութիւնները, մասնաւորապէս՝ գիւղատնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահը խօսեցաւ վերջին տարիներուն ընթացքին Արցախի կողմէ հաստատուած միջազգային կապերուն մասին, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական ներկայ վիճակին:
Քննարկման առանցքային կէտերէն մէկը Արցախի աշխարհաքաղաքական մեկուսացումն էր՝ պարտադրուած Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, մասնաւորապէս՝ Ստեփանակերտի օդակայանի գործածութեան կասեցումը: Հակառակ անոր, որ Արցախի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ իրենք մտադիր են օդակայանը գործածել միայն քաղաքացիական նպատակներով, Պաքու կը սպառնայ զգետնել որեւէ օդանաւ, որ կը փորձէ գործածել Ստեփանակերտի օդակայանը:
Մեկնաբանելով հանդիպումը՝ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ֆլաման խորհրդարանականներուն՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը խորհրդարանին մէջ ընդունելու իրենց նախաձեռնութեան համար, մասնաւորապէս՝ ծերակուտական Քարլ Վանլուվին, որ համակարգեց այս հանդիպումը: Բարեկամական այս խումբին բազմակուսակցական բնոյթը ցոյց կու տայ այն մեծ հետաքրքրութիւնը, որ ձեւաւորուած է զանազան քաղաքական կուսակցութիւններու մէջ՝ Արցախի վերաբերեալ»: