ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Կառավարութիւնը 7 Նոյեմբերի իր նիստին տուաւ որոշում, որով կը թոյլատրուի Սերպիոյ մէջ արձանագրուած «Սեստրա ՍՊԸ Բելգրադ» ընկերութեան Հայաստանի ճանապարհային անվտանգութեան բարելաւման ծրագիրի ծիրին մէջ իրականացնել «Լիցենզաւորման մասին» Հայաստանի օրէնքով սահմանուած «Քաղաքաշինական փաստաթղթերի ինժեներական բաժինների մշակում» գործունէութիւնը:
Կը նախատեսուի 5.15 միլիոն եուրօ ներդրումային դրամաշնորհի տրամադրում՝ նպատակ ունենալով ճանապարհաշինարարական եւ կարողութիւններու զարգացման միջոցով Հայաստանի մէջ բարելաւել ճանապարհային անվտանգութիւնը:
10 Հոկտեմբեր 2018ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան միջեւ ստորագրուած է «Հայաստանի ճանապարհային անվտանգութեան բարելաւման ծրագրին տեխնիկական աջակցութիւն» համագործակցութեան համաձայնագիրը, ըստ որուն, դրամաշնորհի ծիրին մէջ ծրագիրին տրամադրուած է 650 հազար եուրօ։
Այս ծրագիրով նախատեսուած է իրականացնել Հայաստանի մայրուղիներու վտանգաւոր տեղամասերու նոյնականացում, ուսումնասիրութիւն, բարելաւման աշխատանքներու նախագիծ, աշխատանքներու իրականացման թեքնիք հսկողութիւն, ճանապարհային անվտանգութեան հաշուետուութեան ուսուցում, ճանապարհներու նախագծման գործող չափանիշներու վերանայում՝ ճանապարհային անվտանգութիւնը Եւրոպական միութեան չափանիշներուն եւ միջազգային լաւագոյն օրինակներուն համապատասխան դարձնելու նպատակով: