ՑԻՒՐԻԽ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի նախկին դատաքննիչ Քարլա տէլ Փոնթէի համաձայն՝ նախագահ Էրտողան պէտք է դատուի Սուրիոյ վրայ Թուրքիոյ կատարած յարձակման եւ անոր ընթացքին գործուած պատերազմական ոճիրներուն համար: Տէլ Փոնթէ շեշտեց, որ Սուրիա ներխուժելով՝ Թուրքիա բռնաբարած է միջազգային օրէնքներ, նոյն ժամանակ վնաս հասցնելով Սուրիոյ տագնապը լուծելու ջանքերուն:
«Անհաւատալի է, որ Էրտողանին կ՛արտօնուի գրաւել Սուրիոյ հողերը եւ բնաջնջել քիւրտերը», ըսաւ զուիցերիացի նախկին քննիչը, որ Ռուանտայի եւ նախկին Եուկոսլաւիոյ ոճիրներուն վերաբերեալ դատերով զբաղած էր:
«Պէտք է սկսիլ հետաքննութիւն եւ Էրտողանը ամբաստանել պատերազմական ոճիրներով: Պէտք չէ թոյլ տալ, որ ան այս հարցէն պրծի առանց իր յանցանքին գինը վճարելու», եզրակացուց ան զուիցերիական «Շուայզ Ոչենենտ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: