ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Մուշի պատմական հայկական Սուրբ Մարինէ եկեղեցին ոչնչանալու եզրին է: Մուշի հին թաղամասերէն Սուրբ Մարինէ կամ Հայկական թաղամասին մէջ (այժմ՝ Քալէ կամ Բերդ) գտնուող եկեղեցւոյ մեծ մասը քանդուած է, իսկ տանիք՝ գոյութիւն չունի: Հակառակ այդ բոլորին, գանձագողերը եկեղեցւոյ պատերը կը շարունակեն փորել ոսկի գտնելու մոլուցքով:
Յատկանշական է, որ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան հակառակ անոր, որ Տարօն աշխարհի ամենագեղեցիկ եկեղեցին Թուրքիոյ մէջ Մուշի նահանգային մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան կայքին մէջ ներառուած է պետութեան կողմէ պաշտպանուող տարածքներու ցանկին վրայ:
Սուրբ Մարինէ եկեղեցին եւ շրջակայքը գտնուող հին տուները 2012ին Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդի որոշումով առնուեցան քաղաքաշինութեան նոր ծրագիրին մէջ: 2013ին սկսաւ քաղաքաշինութեան ծրագիրը, որուն իբրեւ հետեւենք հայկական թաղամասի հին տուները եւ եկեղեցին պիտի քանդուէին ու անոնց տեղը շէնքեր պիտի կառուցուէին:
Թաղամասի բնակիչներուն մէկ մասին հետ Մուշի քաղաքապետարանը կրցած էր համաձայնիլ, իսկ միւս բնակիչները պարտադրուեցան հեռանալ, ու բնակարանները քանդուեցան պետութեան կողմէ, սակայն եկեղեցին կարելի եղաւ ժամանակաւորապէս փրկել:
Նշենք, որ 1915ին, Սուրբ Մարինէ եկեղեցին թուրքերը վերածած էին բանտի՝ հայ ֆետայիներ բանտարկելով հոն: Յետագային եկեղեցին եւ շրջակայ տարածքը դարձան աղբանոց: