ԵՐԵՒԱՆ.- Հոլանտայի հայութիւնը նախորդ օրերուն ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի եւ Արցախի ներկայացուցիչները՝ ի դէմս Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի եւ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախագահ Արթուր Մոսիյեանի:
Դաշնակցական ներկայացուցիչները ողջունեցին եւ կարեւոր նկատեցին համայնքին տարած աշխատանքները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ անդրադարձան հայաստանեան ներքաղաքական եւ համահայկական տարողութիւն ունեցող խնդիրներուն: Հանդիպման ընթացքին դաշնակցական գործիչները շեշտեցին հայրենիք-Սփիւռք միասնութեան եւ «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» գաղափարի հրամայականը՝ ի խնդիր հայութեան իղձերու եւ երազանքներու իրականացման:
Ժողովրդային հաւաքէն ետք տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ ՀՅԴ Հոլանտայի կառոյցի ընկերներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին մասնաւորապէս քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի ներքաղաքական իրադարձութիւնները: Հոլանտայի ընկերները ողջունեցին հայրենիքի դաշնակցական կառոյցներու գործունէութիւնը, յատկապէս՝ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի վճռորոշ եւ սկզբունքային կեցուածքը Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչներու կողմէ քաջալերուող եւ իրականացուող ապազգային դրսեւորումներուն դէմ:
Հոլանտայի դաշնակցական կառոյցը վերահաստատեց հայրենիքի Դաշնակցութեան կառոյցներուն հետ համագործակցելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային անոնց օժանդակելու պատրաստակամութիւնը՝ յանուն պետականութեան ամրապնդման եւ հզօրացման:
Յիշեցնենք՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանն ու ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախագահ Արթուր Մոսիյեանը քանի մը օրով Եւրոպա կ՛այցելեն: Քանի մը օր առաջ Դաշնակցութեան Փարիզի ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ անոնց հանդիպումը ՀՅԴի Ֆրանսայի կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին, որուն տեսակապով մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Մարսէյի կազմակերպական շրջանի ներկայացուցիչները, քննարկուեցան Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ Արցախին առնչուող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ ձեռք բերուեցաւ անմիջական գործադրութեան շարք մը պայմանաւորուածութիւններ: