ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Կիրակի, 3 Նոյեմբերի երեկոյեան, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴի 129ամեակի ձեռնարկը՝ կազմակերպութեամբ տեղւոյն «Սարդարապա» կոմիտէութեան եւ ՀԵԴ «Նժդեհ» ուխտին:
Շուրջ երկու հարիւր հայորդիներ ներկայ էին հանդիսութեան, որ սկսաւ Պոսթընի ՀՄԸՄի սկաուտական կազմի կատարած դրօշակի արարողութեամբ:
Օրուան հանդիսավարն էր Վիրժինի Թուլումեան, որ բարի գալուստ մաղթեց եւ բեմ հրաւիրեց ՀԵԴ «Նժդեհ» ուխտի անդամներ Այտա Պարսումեանը եւ Սարօ Սագայեանը, որոնք յաջորդաբար անգլերէնով եւ հայերէնով, երիտասարդականի ակնոցով դիտեցին այս օրուան իմաստը եւ նշանակութիւնը: Պարսումեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ երիտասարդութեան պարտականութիւնն է հետեւիլ պատմութիւն կերտած այս կուսակցութեան, որուն պարտականութիւնն է շարունակ ծառայել հայրենիքին:
Սարօ Սագայեան յայտնեց, թէ իբրեւ երիտասարդական՝ երախտապարտ է ՀՅ Դաշնակցութեան եւ քաջատեղեակ է, թէ հայրենիքի մէջ աշխատանք կայ իրագործելիք:
Տեսաերիզի մը ցուցադրութէնէն ետք, ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան խօսքը երկու լեզուներով փոխանցեց Մուրատ Մանուկեան, որ շեշտեց, թէ Դաշնակցութեան Օրը հաստատուած է 1925ին, Ժ. Ընդհանուր ժողովին որոշումով եւ դարձած աւանդութիւն:
Ապա Մանուկեան նշեց, թէ Դաշնակցութիւնն է որ շարունակ պահապան կեցաւ հայոց եռագոյնին, միշտ ալ վառ պահելով ազատ եւ անկախ Հայաստանի տեսլականը հայ զանգուածներու միտքին ու սիրտին մէջ:
«Այս բոլորին կողքին, անպայման պիտի յիշենք վերանկախացած Հայաստանը եւ Արցախը ու Արցախի ազատագրման պայքարին մէջ Դաշնակցութեան ունեցած հսկայ ներդրումի մասին: Պիտի յիշենք նաեւ Հայաստանի ու Արցախի պետականութիւններուն ամրացմանն ուղղուած աշխատանքներուն մէջ ցարդ կատարուած եւ շարունակաբար կատարուելիք վիթխարի գործին մասին: Ինչպէս երէկ էր, այսօր եւ վաղը եւս Դաշնակցութիւնը իր համազգային ամբողջ ներոյժով եւ կարողականութեամբ լծուած է եւ պիտի շարունակէ լծուիլ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման գործին», եզրակացուց ան:
Երիտասարդականի անդամ Մեղրի Տէր Վարդանեանի կատարած ասմունքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ պատշաճ ձեւով ներկայացուց օրուան պատգամը:
Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ իբրեւ համաշխարհային հասողութիւն ունեցող, համազգային տարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւն՝ յստակ է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը լոկ քաղաքական կուսակցութիւն չէ, որ կը գործէ հայրենիքի մէջ:
ՏԷր Խաչատուրեան այնուհետեւ մատնանշեց, թէ շարունակ, հոգեկան մեծ հրճուանքով ազատ ու անկախ Հայաստանին փոխանցեցինք եւ դեռ ալ կը փոխանցենք սփիւռքեան աքսորի տարիներուն սրբութեան նման մեր պահպանած պետականութեան ու անկախութեան խորհրդանիշները՝ եռագոյնը, օրհներգը, զինանշանը, ազգային գաղափարախօսութիւնը: Հակառակ յուսախաբութիւններուն՝ մնացինք եւ դեռ ալ կը մնանք պատնէշի վրայ:
«ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայութեան շահերը պաշտպանող այն մեծ կազմակերպութիւնն է, որ կը գործէ ամէնուրեք. անիկա ազգային ազատագրական պայքարի ռահվիրան է, որ կրցած է այսօր աւելի քան 129 տարիներ իր մէջ շաղախել, իր մէջ համարկել իր այդ երկու էութիւնները միաժամանակ: ՀՅԴի ժողովրդավարական, յեղափոխական նկարագիրը, իր ազգային դիմագիծը եւ իր ունեցած յստակ տեսլականը յոյս ներշնչած են հայ ժողովուրդին եւ այդ ուղղութեամբ մեծ իրագործումներու դուռ բացած են մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին առջեւ», ըսաւ ան:
Տէր Խաչատուրեան նաեւ աւելցուց, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կոչուած է խոնարհաբար ծառայելու հայ ժողովուրդին, իրականացնելու համար ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականը՝ աւելցնելով, որ անշուշտ, նաեւ ընկերային արդարութեան եւ տնտեսական զարգացման հիմնական առաջադրանքները:
Ան նաեւ շեշտեց, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը այն մղիչ ոյժն է, որ կը փորձէ համախմբել համահայկական բոլոր ոյժերը՝ այն կառոյցները, այն կազմակերպական միաւորները, որոնք կը գործեն Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, որպէսզի համախմբուին մեր ազգային օրակարգին շուրջ եւ հիմնական հարցերու մէջ, ուր տարակարծութիւններ չկան այսօր, անոնցմէ ամէն մէկը վերցնէ իր բաժինը՝ ի սպաս մեր ժողովուրդին եւ ի նպաստ մեր հայրենիքին:
«Որպէս համահայկական, քաղաքական ու պայքար մղող կազմակերպութիւն, աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր կ՛աշխատինք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի սկզբունքային գաղափարին շուրջ եւ հիմա կ՛ուզենք այդ սկզբունքէն աւելի՝ գործնականի անցնիլ։ …Այս բոլոր աշխատանքները, իրաւական հիմքերը, միջազգային փաստաթուղթերը շատ աւելի լուրջ ու մասնագիտական քննարկման կը կարօտին: Այդ գործընթացին քանի մը տարի առաջ սկսանք, ու բնական է՝ անոնցմէ ամէն մէկը այսօր յստակ պատասխան չունի», ըսաւ ան։ Հայաստանի քաղաքական ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ ան խոր մտահոգութիւն յայտնեց՝ նշելով, թէ կը յառաջանան բազմաթիւ հարցեր, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր երկիրը, սկսած՝ պետական կառավարման համակարգին խնդրայարոյց փոփոխութիւններէն, մինչեւ դատական համակարգին նկատմամբ բացայայտ ճնշումները, երկրի տնտեսական քաղաքականութեան մէջ յայտարարուող, բայց չիրականացած քայլերը, երկրին անվտանգութեան, ապահովական կառոյցներուն ղեկավարութեան փաստացի կամ ակնկալուող հրաժարականները եւ վերջին օրերուն հայոց լեզուին հանդէպ լուսանցքային վերաբերմունքը:
Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, թէ այս աշխատանքները այսօր կարելի չէ նկատել ամբողջական կամ վերջնական, որովհետեւ գործը երկար է: Ան յատկապէս կոչ ուղղեց երիտասարդութեան՝ գործի լծուելու եւ բարձր պահելու փոխանցուած ջահը:
Եզրակացնելով՝ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը պետականութեան գործին մէջ ունեցած է մեծ ներդրում, Հայաստանի անկախութեան եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչման առումով ալ ունեցած է մեծ ներդրում, նաեւ Արցախի ազատամարտի եւ Արցախի առաջին կառավարութիւններուն մէջ: Այս ամբողջը ցոյց կու տայ, որ այսօրուան հայկական աշխարհին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մնացած է քաղաքական այն միակ կազմակերպութիւնը, որ կը գործէ, աշխոյժ ներկայութիւն եւ դերակատար է ամէն տեղ, ուր կայ հայ շունչ: Միայն առողջ երկխօսութեամբ եւ համախոհութեան մթնոլորտի մէջ կարելի է ձեւաւորել միասնական օրակարգ եւ մէկտեղել համայն հայութեան ոյժերը՝ երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու համար»:
Օրուան հանդիսութիւնը աւարտեցաւ տեղւոյն երիտասարդականի եւ ՀՄԸՄի սկաուտական կազմի երգեցողութեամբ: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: