ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ
2 Նոյեմբերին, Երեւանի «Բաց Օր» պատկերասփիւռի ծրագիրին ճամբով հետեւեցայ Լոս Անճելըսի «30 Րոպէ» ծրագիրի լրագրող Արթուր Սահակեանի հարցազրոյցին, զոր կը վարէր հաղորդավար Համլետ Ղուշչեան: Յայտնեմ, որ սոյն հարցազրույցին հիմնական քննարկման նիւթը տեղեկատուութիւն կատարել էր Լոս Անճելըսի մէջ նոր հիմնադրուած ձայնասփիւռի ծրագիրի մը մասին, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւն ստեղծել Երեւանի «Բաց TV» պատկերասփիւռի ընկերութեան եւ Լոս Անճելըսի «30 Րոպէ» ծրագիրին միջեւ:
Երկկողմանի սիրալիր խօսակցութեան ընթացքին, Արթուր Սահակեան հիմնական նիւթերու կողքին անդրադարձաւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքի կարգ մը երեւոյթներուն, որոնք իր ժխտական վերաբերումին թիրախը դարձան:
Նախ, երկու խօսքով, Արթուր Սահակեան բացատրեց, որ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները չեն փոխուած Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերէն մինչեւ Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան: Ըստ անոր բացատրութեան՝ Լոս Անճելըսի մէջ գոյութիւն ունի պալատական վերնախաւ մը՝ բաղկացած դաշնակցականներէ, եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէ եւ աւանդական կուսակցութիւններէ, որոնք Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ սիրալիր յարաբերութիւններու մէջ են, իսկ համայնքը մնացած է երեսի վրայ:
Ըլլալով հայկական դպրոցի տնօրէն, ուշադրութենէս չվրիպեցան Արթուր Սահակեանի այն արտայայտութիւնները, որոնք հայկական դպրոցներուն կը վերաբերէին: Ըստ անոր՝ «կան մաֆիաներ, որոնք ասում են՝ արի դարձիր դաշնակ, որպէսզի քո երեխան իմ դպրոցում… կամ պիտի փող տաս»: Իրականութեան չհամապատասխանող նման արտայայտութիւն, ըստ երեւոյթին, Արթուր Սահակեանի խելապատիկին մէջ ծնած, ապա երեւակայական վէպի վերածուած է:
Սակայն, հայկական դպրոցներուն մասին իր գլուխ գործոցը հետեւեալ նախադասութիւնն է. «Ինչու պիտի չունենանք անվճար հայկական դպրոց, դա ի՞նչ մեծ խնդիր է. ունենք միլիառատէր հայեր, բայց չունենք հայկական դպրոց»: Դառն իրականութիւնը այն է, որ հայկական ամէնէն հարուստ բարեսիրական միութիւնը, այս օրերուն, Լոս Անճելըսի մէջ, յայտարարութիւն կատարեց յաջորդ տարեշրջանէն սկսեալ իր միջնակարգ դպրոցի (high school) դռները փակելու մասին:
Արթուր Սահակեան դժգոհութիւն կը յայտնէ նաեւ, որ հայկական դպրոցներուն մէջ արեւելահայերէնով դասաւանդում չի կատարուիր: Իրականութիւնը այն է, որ հայկական դպրոցներուն մեծամասնութեան մօտ արեւելահայերէն կը դասաւանդուի: Իսկ արեւելահայերէնով դասաւանդում սկսած է իրականանալ տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին, երբ արեւելահայ աշակերտներու թիւի յաւելումով՝ յարկ եղած պահանջը յառաջացած էր դպրոցներուն մէջ: Ներկայիս հայկական դպ-րոցներուն մէջ արեւելահայերէնը մաս կը կազմէ ուսումնական ծրագիրին (curriculum), հիմնականին մէջ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, իսկ երբեմն նոր ուղղագրութեամբ: Բացատրեմ, որ իրանահայութեան օգտագործածած արեւելահայերէնը կը գրուի մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, իսկ Հայաստանի մէջ օգտագործուած արեւելահայերէնը, 1922 թուականէն սկսեալ, բոլշեւիկ իշխանաւորներու որոշումով, մես-րոպեան ուղղագրութեան փոխարէն կը գրուի լեզուագէտ Մանուկ Աբեղեանի առաջադրած նոր ուղղագրութեամբ, որուն երբէք հայկական Սփիւռքը չէ համակերպած:
Չբաւարարուելով հայկական դպրոցին մասին իր անճիշդ տեղեկութիւններով, Արթուր Սահակեան Լոս Անճելըսի միջկազմակերպական կեանքին մասին հետեւեալ այլանդակ արտայայտութիւնները կը կատարէ.
– «Կազմակերպուած համայնք չկայ, կան մաֆիաներ, որոնք կուսակցութիւն են կոչւում… իրենք պիզնիս են անում».
– «Նոյնիսկ, Ցեղասպանութեան քայլերթը, բոլորի համար պիզնես է».
– «Դաշնակցական, Հնչակեան, Ռամկավար՝ միասին հարսանիք չեն գնում»:
– «Բոլոր կազմակերպութիւնները միասնաբար հայութեան 2 տոկոսն են ներկայացնում»:
Հոս նշեմ, որ տակաւին մէկ-երկու տարի առաջ, Արթուր Սահակեան իր ծրագիրէն կը տարածէր այն տեղեկութիւնը, որ Դաշնակցութիւնը հայութեան միայն 4 տոկոսը կը կազմէ: Ուրեմն, պարոն Սահակեանի նորագոյն տուեալներով՝ արդէն իսկ շօշափելի «նահանջ» արձանագրուած է բոլոր կազմակերպութիւններուն մօտ:
Աւելին, հակասելով ինքն իր արժեւորումներուն, ան մեծապէս կը գնահատէ հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանը՝ յայտնելով, որ ան կը փորձէ բոլորին, այսինքն 2 տոկոս կազմող կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, նոյն սեղանին շուրջ համախմբել:
Զարմանալի. ինչո՞ւ հիւպատոսը պէտք է գովաբանուի, երբ միայն 2 տոկոս հաշուող եւ մաֆիա նկատուող կազմակերպութիւննեըր քով-քովի կը բերէ:
Ամենայնդէպս, Արթուր Սահակեանը պէտք է գնահատել երկու բնագաւառներուն մէջ, իր ցուցաբերած կեցուածքին համար: Առաջինը՝ խստօրէն կը քննադատէ հայկական երաժշտութիւնը այլասերող երգիչները: Երկրորդ՝ մեծապէս կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան որդեգրած բանաձեւը, որ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Ան կը բնութագրէ իր գնահատականը՝ հաստատելով, որ այդ մէկը «շատ կարեւոր, փայլուն, մեծ նշանակութիւն ունեցող բանաձեւ էր, հիմնականում…»: Հաւանաբար, լաւ կ՛ըլլայ Արթուր Սահակեանին տեղեկացնել, որ այս բանաձեւին յաջողութիւնը արդիւնք է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարիներու քաղաքական գործունէութեան: Իսկ Հայ Դատի յանձնախումբերը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արտաքին քաղաքական յարաբերութիւնները իրականացնող միաւորներն են:
Այս գրութիւնը կը վերջացնեմ Արթուր Սահակեանին ուղղուած հարցադրումով. «Պարոն Սահակեան, արդեօք ի՞նչ շահեցաք ձեր կատարած ամբաստութիւններով եւ ինչ նպատակ կը հետապնդէք սփիւռքահայութեան մասին ձեր կատարած ապատեղեկատուութեամբ, հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը ապակողմնորոշելով»:
Եթէ Արթուր Սահակեանի կատարած սանձարձակ խեղաթիւրումներուն վերջ դնելու աշխատանք տարուէր ճի՛շդ ժամանակին՝ անոր ցնդաբանութիւնները այսքան շշմեցնող չէին ըլլար:
Յարգելի պարոն ԺԳ: Եթէ հայերէնի բառարան մը բանաք եւ փնտռէք ՀԱՑԿԱՏԱԿ բառը, դիմացը պիտի կարդաք «պատառաբոյծ, մակաբոյծ, ՊՆԱԿԱԼԷԶ, ՁՐԻԱԿԵՐ» բացատրութիւնները: Աս մարդը յայտնի է որ հացկատակ մըն է, անի ալ տգէտ տեսակէն: Չիգիտցած բաներուն մասին խօսեր է: Լաւ կըլլայ որ հայերուն ըսէք, որ անոր դելեվիզիոնը չիդիտեն: Ասանկներուն պատասխանելն ալ արժէք չիունենար, որովհետեւ կուրախանան որ մարդ իրենց մտիկ ըրեր է, վրան ալ ըլլալով իրենց մասին գրեր է: