ԵՐԵՒԱՆ.- Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ բանաստեղծին ծննդավայրին՝ Լոռիի մարզի Դսեղ գիւղին մէջ գտնուող տուն-թանգարանին մէջ, Հայաստանի մէջ ապրող 11 ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ իրենց լեզուներով ընթերցեցին Թումանեանի բանաստեղծութիւններն ու հեքիաթները:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի վարչապետի խորհրդական Սրբուհի Ղազարեան ընդգծեց, որ միջոցառման գաղափարը ծագած է իր ղեկավարած խորհուրդի քննարկումներու ընթացքին:
«Աւարտին էր մօտենում թումանեանական յոբելեանական տարին, եւ Հայաստանում բնակուող Ազգային փոքրամասնութիւնների խորհրդի նիստի ժամանակ քննարկուեց տարեվերջեան միջոցառում կազմակերպելու հարցը: Շատ շնորհակալ եմ Հայաստանի վրացական համայնքին՝ այս միջոցառումն առաջարկելու համար, եւ խորհրդի անդամներին, որ մեծ ոգեւորութեամբ աջակցեցին ու բոլորը համաձայնուեցին մասնակցել միջոցառմանը», յայտնեց Ղազարեան:
Հայաստանի մէջ վրացական «Իվերիա» համայնքի փոխնախագահ էթերի Ցոմայայի համաձայն՝ իրենց համայնքը սերտ կապի մէջ է նաեւ Երեւանի մէջ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին հետ:
«Ամէն տարի թանգարանը մեզ կը հրաւիրէ իր փառատօնին, ուր մենք վրացերէնով կ՛ասմունքենք Թումանեանի բանաստեղծութիւններն ու կը պատմենք հեքիաթները: Թիֆլիսի մէջ իմ պապիկը՝ Արտաշէս Համբարձումեանը շատ սերտ կապ ունէր Յովհաննէս Թումանեանին հետ, անոնք ընկերներ էին: Շատ կը սիրէին գիրքեր, տան մէջ մեծ գրադարան ունէինք: Այդ գիրքերէն քանի մը հատը նուիրած եմ Մատենադարանին, մէկն ալ այսօր մեր համայնքին անունով որոշած եմ նուիրել Դսեղի մէջ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին», նշեց Ցոմայան:
Հայաստանի մէջ ապրող ռուսական, պելոռուսական, ուքրանական, քրտական, եզիտիական, ասորական, յունական եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ ընթերցեցին Թումանեանի յայտնի բանաստեղծութիւնները, քառեակները, ինչպէս նաեւ կարդացին իրենց լեզուներով թարգմանուած «Սուտասանը» եւ շարք մը այլ հեքիաթներ:
Երեւանի «Պոնտի» յունական համայնքի նախագահ Էդուարդ Միխայլով նշեց, որ իրենց համար շատ կարեւոր է մասնակցիլ այս միջոցառմանը: «Մենք ուրախ ենք այս հրաշք մարդուն, մեծ հայուն, անսահման սիրտ ունեցող, հայութեան, հայրենիքին նուիրուած մարդուն տան մէջ գտնուելնուս համար: Թումանեանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են նաեւ Յունաստանի մէջ՝ հոն բնակող հայ համայնքին կողմէ», յայտնեց Միխայլով:
Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի վարիչ Ռոզա Ղազումեան նշեց, որ նման միջոցառումներու պակասը չունին, թէ իրենք այցելուներ ունին աշխարհի չորս ծագերէն։