ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով Մովսէս Յակոբեան կասեցուեցաւ գլխաւոր ռազմական տեսուչի պաշտօնէն։
Կրկին վարչապետ Փաշինեանի որոշումով՝ պաշտօնանկ ե-ղան նաեւ գլխաւոր ռազմական տեսուչի տեղակալներ Կամօ Քոչունց եւ Վաչագան Ներսիսեան:
Հայաստանի վարչապետի մամլոյ խօսնակ Վլադիմիր Կարապետեան՝ այս մասին խօսելով ըսաւ, որ Գլխաւոր ռազմական տեսուչի պաշտօնէն Մովսէս Յակոբեանի եւ անոր տեղակալներուն ազատումը առնչուած է կառուցուածքային փոփոխութիւններուն։ «Օրէնսդրական փոփոխութիւնների արդիւնքում տեղի են ունեցել կառուցուածքային փոփոխութիւններ, որոնց համաձայն՝ գլխաւոր ռազմական տեսչութիւնը վերակազմաւորուել է Պաշտպանութեան նախարարութեան վերահսկողութեան ծառայութեան», յայտնեց Վ. Կարապետեան:
Հիմա կարգը եկած է զինուորականներուն մաքրագործելու: Հիներուն հետ կապ ունին ըսելով, առանց աղմուկ հանելու սկսած են հեռացնելու փորձառու եւ պատերազմ տեսած մեծ հրամանատարներ: Վաղը անոնց տեղը պիտի դնեն «յեղափոխական» զինուորականներ, վնաս չունի որ անոնք փորձառութիւն չունենան: Նախարարներէն շատերը ասանկ տեսակի յեղափոխական են, յայտնի է: Մէկ մէկ հիները կը մաքրուին, որովհետեւ յեղափոխականներուն գործին չիգար անոնց պահելը: Արդէն դատարաններուն պատմութիւնին մասին լսած ենք ամմէն օր: