ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան առջեւ տակաւին կը շարունակուի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը պահանջող ՀՅԴ ՀԵՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած նստացոյցը, որուն միացան նաեւ երիտասարդներ, ուսանողներ, մտաւորականներ, դասախօսներ, որոնք յաճախ կու գան զրուցելու երիտասարդներուն հետ ու զիրենք քաջալերելու։
ՀՅԴ ՀԵՄը նաեւ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դիտել տուաւ, թէ Նոյեմբեր 8ին տեղի ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին նախարար Ա. Յարութիւնեան յայտարարեց, որ կը պատրաստուին այն արկղերը, որոնք շարժման ծիրին մէջ տարուած էին նախարարութիւն, լեցնել տասնեակ եւ աւելի քրէական գործերով եւ ուղարկել շարժման մասնակիցներուն՝ աւելցնելով, որ խնդրած է համապատասխան մարմիններուն տրամադրել գործերու ցանկերը, որոնցմով պիտի լեցուին դատարկ արկղերը։
«Մենք Նոյեմբերի 11ին նամակներ ուղարկեցինք ԿԳՄՍ նախարարութիւն, Հայաստանի ոստիկանութիւն, Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւն եւ Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ խնդրելով մեզ գրաւոր պատասխանել արդեօք ԿԳՄՍ նախարարը համապատասխան տուեալներ ստանալու խնդրանքով դիմե՞լ է վերոյիշեալ մարմինների, թէ՝ ոչ։ Երէկ լրացել է օրէնքով սահմանուած ժամկէտը, որը նախատեսուած էր գրաւոր հարցումին պատասխան ստանալու համար։ Մենք պատասխան ենք ստացել միայն Յատուկ քննչական ծառայութիւնից եւ Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնից առ այն, որ իրենք նման բովանդակութեամբ որեւէ հարցում չեն ստացել ԿԳՄՍ նախարարութիւնից։ Այս փաստը ԿԳՄՍ նախարարի կողմից վարուող անպատասխանատու եւ խորքային հարցերը մանիպուլացնելու (աղաւաղելու-Խմբ.) քաղաքականութեան եւս մէկ վկայութիւնն է», նշուած է յայտարարութեան մէջ։