ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նոյեմբեր 15ին հրապարակուած է Աննա Իսաբեկեանի հեղինակած «Փիսօն Գէշ Երազ Կը Տեսնէ» մանկական գիրքը, որուն գծագրութիւնները եւս կատարուած են հեղինակին կողմէ։
«Ռոսլին» հրատարակչատան կողմէ հրապարակուած լաթակազմ հատորը՝ արեւմտահայերէնով, իւրայատուկ կերպով կը ներկայացնէ երեխաներուն հետ յաճախ պատահող վատ երազներ տեսնելու պարագան, փորձելով օգնել այդ վախը շրջանցելու երեխային եւ անոր ծնողքին ջանքերուն։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝ haig@roslin.press հասցէին։