ՖՐԵԶՆՕ.- Տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Հիլտա Սանթիկեանները Հոկտեմբեր 12ին Ֆրեզնոյի իրենց խաղողի այգիին մէջ հիւրընկալեցին Հայաստանի Ծառատունկի ծրագիրի (Armenia Tree Project, (ATP)) ի նպաստ անդրանիկ հաւաքը Ֆրեզնոյի մէջ, լուսարձակի տակ առնելով Հայաստանի տարածքին ծառեր եւ յատկապէս պտղատու ծառեր տնկելու միջոցաւ այդ կազմակերպութեան բերած նպաստը երկրին տնտեսութեան եւ կենսոլորտին։
Սանթիկեանները, որոնք տարեկան աւանդութեան վերածած են իրենց այգիին մէջ կազմակերպուող Փրփուրի արարողութիւնը, բնականաբար իրենց սրտին մօտիկ կը համարեն նման կազմակերպութիւն մը։
Ֆրեզնոյէն եւ Լոս Անճելըսէն մասնակիցները այգիին մէջ հաւաքուած ձեռնարկին վայելեցին հայկական երաժշտութիւն եւ պարեր, ինչպէս նաեւ աւանդական հայկական ճաշեր եւ տեղական գինին, միաժամանակ մօտէն ծանօթանալով Հայաստանի Ծառատունկի ծրագիրի կենսական աշխատանքին։
Ծրագիրին մասին ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Ժանմարի Փափէլեան։
1994էն ի վեր, Հայաստանի Ծառատունկի ծրագիրը բնապահպանական ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Հայաստանի անտառազուրկ տարածքներու մէջ։ Անիկա աւելի քան 274,000 պտղատու ծառեր տնկած է։
(Քաղուած
Վիվիան Գասպարեանի
թղթակցութենէն)