ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ
Շաբաթ, Նոյեմբեր 9ի երեկոյեան, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան երկրորդական վարժարանի «Նազարեան» սրահը հաւաքուած աւելի քանի 450 հանդիսականներու յիշողութեան մէջ անջնջելի պիտի մնայ ՀԲԸՄի «Սաթամեան» թատերախումբի 40ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, իր գեղեցկօրէն յարդարուած բեմով՝ ժպտադէմ ու տխրադէմ դիմակներով, անցնող 40 տարիներու գործունէութեան մասին վկայող խորհրդանիշներով, բացման ու ողջոյնի խօսքով, գեղարուեստական ընտիր յայտագիրով եւ յատկապէս՝ ներկաներէն անսպառ խնդուք ու քրքիջ խլող, մէկը միւսէն սրամիտ ու համով զուարճախօսութիւններով:
Ճաշէն ետք, թատերախումբի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ անցնող 40 տարիներուն թատերախումբին զօրավիգ կանգնող այս մեծ ընտանիքին, եւ շարունակեց. «Ամէն օր ականատես կ՛ըլլանք արեւմտահայութեան յարատեւօրէն արագացող կազմալուծումին. արեւմտահայերէնը կը խամրի եւ կը նահանջէ ամէնուրեք. կազմակերպութիւններ կը կորսնցնեն իրենց հայկական դիմագիծը, թերթեր կը փակուին, դպրոցներ կը փակուին: Կ՛ըսուի, թէ մեր ոյժերը պէտք է ամբողջութեամբ ուղղենք դէպի Հայաստան: Սակայն, մեր փոքր հայրենիքը, իր դժուար դիրքով եւ ծով կարիքներով, երկար ժամանակ պէտք պիտի ունենայ իր աշխարհասփիւռ զաւակներուն նիւթական, բարոյական եւ քաղաքական նեցուկին: Ուժեղ Սփիւռքը անփոխարինելի է հզօր Հայաստանի մը համար: Կ՛ըսուի նաեւ, թէ լեզուն կարեւոր չէ. կը բաւէ հայկական ինքնութիւնը եւ մշակոյթը պահել: Սակայն, սիրելիներ, լեզուն գրաւականն է մշակոյթին: Չկայ արեւմտահայ մշակոյթ՝ առանց արեւմտահայերէնի: Մեր թատերախումբը հիմնուած է եւ կը պահպանուի արեւմտահայերէնի համար: Մեր հիմնական խնդիրը՝ լեզուի, այսինքն արեւմտահայերէնի հարցն է: Ազգի մը ինքնագիտակցութեան եւ մշակոյթի ամէնէն կենսական ազդակը լեզուն է, անկասկած: Հետեւաբար, հայապահպանում՝ ամէն բանէ առաջ լեզուի պահպանում է: Իսկ լեզուները կ՛ապրին գործածուելով: Արեւմտահայերէնը բեմ հանելով եւ բեմի վրայ պահելով է որ մենք կը նպաստենք հայապահպանման», շարունակեց յարգելի տոքթորը։
Նշելէ ետք, թէ երբ խումբ մը նուիրեալներ, առաջնորդութեամբ Հայկ Մսրլեանի, Գրիգոր Սաթամեանի եւ Բարսեղ Գարթալեանի, ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբը հիմնեցին 40 տարիներ առաջ, ան ըսաւ. «Դժուար էր պատկերացնել այն մեծ դերը, որ այս միաւորը պիտի խաղար մեր մշակութային կեանքին մէջ: Անցեալ չորս տասնամեակներուն, մեր՝ նախ իբրեւ «Արտաւազդ», ապա՝ «Սաթամեան» թատերախումբ, աւելի քան 55 տարբեր ներկայացումներով իր անունը ապահովեց սփիւռքահայ թատրոնի պատմութեան մէջ»:
Տոքթ. Սիմոնեան երեք հիմնական պատճառներու վերագրեց այս յաջողութիւնը. «Առաջին պատճառը դուք էք, սիրելիներ, մեր բարերարները, բարեկամները եւ թատերասէր հայորդիները: Երկրորդ պատճառը մեր յաջողութեան՝ մեր սրբազան «խենթեր»ն են, որոնք տուն-տեղ, գործ ու ընտանիք ձգած, երկար ամիսներ կ՛աշխատին ներկայացումը բեմ հանելու համար: Եւ վերջապէս, երրորդ պատճառը այս յաղթական երթին, այն անձն է, որուն տաղանդը, նուիրումը œ տեսլականը հիմնաքարերն են մեր թատերախումբին. մեր բեմադրիչը՝ Գրիգոր Սաթամեան: Իրաւունք ունինք հպարտանալու մեր թատերախումբով, սակայն, մեր գործը աւարտած չէ. ձեռք-ձեռքի տուած, տակաւին նորանոր ներկայացումներ բեմ պիտի հանենք եւ երկար տարիներ վառ պիտի պահենք արեւմտահայ թատրոնը»:
Նախքան գեղարուեստական յայտագիրին գործադրումը, Գրիգոր Սաթամեանի ձեռամբ շնորհակալագիրներու արժանացան, հովանաւորներ՝ Վարդան Նազիրեան եւ Նազարէթ Գեւոնեան, Սինան եւ Անժէլ Սինանեան, Երուանդ Տեմիրճեան, Յարութիւն Պրոնոզեան, Գրիգոր եւ Վարդուհի Չոլաքեան, Տէյվիտ եւ Մարկրիթ Մղրուպլեան եւ ՀԲԸՄի Ասպետներու միաւորը:
Գեղարուեստական յայտագիրին վրայ մեծ վայելք մը եղաւ առաջին ունկնդրութիւնը «Ծովից Ծով Հայաստան» երգին, հեղինակութեամբ Ռուբէն Թելունցի եւ կատարողութեամբ նոյնինքն Ռուբէն Թելունցի եւ անուանի երգչուհի Սալբի Մայիլեանի, մասնակցութեամբ Թելունցի երաժշտական դպրոցի սաներուն՝ Էլեն Սողոմոնեան, Լեւոն Գոզանեան, Ալեն Ասատրեան, Էրիկ Սանոսեան, Վահէ Մաթէոսեան եւ Միլենա Սողոմոնեան: Ապա, Սալբի Մայիլեան հանդէս եկաւ Արտեմի Այվազեանի «Արաքս» երգով, իսկ Ռուբէն Թելունց՝ Տիգրան Չուխաճեանի «Լեպլեպճի Հօր-Հօր Աղա»էն արիայով, արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու:
Գրիգոր Սաթամեան բեմ գալով, շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուբէն Թելունցին, որ իր կարգին ջերմօրէն շնորհաւորեց թատերախումբին 40ամեակը եւ յաջողութիւն մաղթեց:
Ապա, իրեն յատուկ զուարճախօսութեամբ Սաթամեան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ճանաչման ենթարկեց թատերախումբին երկար տարիներէ ի վեր ծառայած ու ծառայող դերասան-դերասանուհիներ, վարչականներ, գրասենեակի աշխատողներ՝ Արմէն Գերասիմեան, Թամօ Պէզճեան, Արսինէ Սերայտարեան եւ ամուսինը՝ Ժիրայրը, Անի Ֆերմանեան, Արա Ֆերմանեան, Սարգիս Մինասեան, Ադամ Այվազեան, Արա Պապայեան, Աւօ Մակարեան, Լենա Գարակէօզեան, Յարութիւն եւ Շաքէ Թումայեաններ, Ազնիւ Սապունճեանը եւ Հրանդ Վարձպետեանը:
Իսկ վեց դերասան-դերասանուհիներ՝ տասը եւ աւելի ներկայացումներու մասնակցած, եւ չորս դերասաններ՝ երկարամեայ մասնակցութիւն ունեցած, բեմ հրաւիրուելով՝ գնահատագիրներու արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու ներքոյ: Անոնք էին՝ Րաֆֆի Գալեմքերեան, Արփի Պալապանեան, Արփի Սամուէլեան, Նարինէ Աւագեան, Արամ Մուրատեան, Արի Լիպարիտեան, Ալեքս Խուրշիտեան, Ռուբէն Հարմանտայեան, Մանուկ Սաթամեան, Գէորգ Քէօշկէրեան: Պատուոյ վկայագիրներ տրուեցան նաեւ օրուան հովանաւորներ Վարդան Նազիրեանին եւ Նազարէթ Գեւոնեանին:
Նմանապէս, Սաթամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ Մանուկեան Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Աւանեսեանին եւ Լեւոն Քէշիշեանին, օրուան ձեռնարկին իրենց աջակցութեան համար:
Սաթամեան նաեւ յիշեցուց, որ այս տարի Լիբանանի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը կը տօնէ իր 60ամեակը, դրուատելով հայ թատրոնին թիկունք կանգնելու ՀԲԸՄի որոշումը։
Գէորգ Քէօշկէրեան կարդաց բարեկամ թատերասէրի մը կողմէ գրուած նամակ մը, որ կ՛աւարտէր այս խօսքերով. «ՀԲԸՄի «Սաթամեան» թատերախումբի քառասնամեայ տարեդարձի տօնակատարութեան առիթով, կը փափաքիմ փոխանցել սրտագին շնորհաւորութիւններս մեր սիրելի, տաղանդաւոր դերասանապետ, բեմադրիչ եւ դաստիարակ Գրիգոր Սաթամեանին, որուն հռչակը տարածուած է ի Սփիւռս եւ ի Հայաստան աշխարհ: Սիրելի Գրիգոր, տարիներու ընթացքին դուն դարձար արուեստ փայլատակող անձ մը հայութեան երկնակամարին եւ պիտի մնաս ապառաժեայ խարիսխը սփիւռքահայ թատրոնի œ մշակոյթի պատմութեան»:
Ապա, Սաթամեանի՝ որպէս կատակերգակի գործելու ժամն էր: Ան աւելի քան 50 վայրկեան բեմը գրաւելով՝ շարունակական ծիծաղի աշխարհ մը ստեղծեց սրահէն ներս: Իսկ իր գլուխ-գործոց՝ արժանթինեան թանկոյի սաթամեանական պատումի անգերազանցելի եղանակով, անդիմադրելի խնդուքի ալիք մը ստեղծեց սրահէն ներս, արժանանալով ներկաներու որոտընդոստ ծափահարութիւններուն: