ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Կետիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին երկարատեւ դատական պայքարէ ետք յաջողեցաւ փաստել իր իրաւունքը եւ տիրացաւ անցեալին յափշտակուած կարեւոր կալուածին վնասուց հատուցումին։
Կիրակի, Նոյեմբեր 17ին, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին, այս մասին առաջին յայտարարութիւնը ըրաւ պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան: Սրբազանը աւետեց, թէ եկեղեցին յաջողած է վերահաստատել իր սեփականութիւնը, որուն համար հատուցում պիտի ստանայ Պոլսոյ քաղաքապետարանէն: Այս մասին բացատրութիւններ տուաւ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը: Շանլը նախ ուրախութիւն յայտնեց արդարութեան կայացած ըլլալուն համար, ապա նշեց, թէ ցարդ 130 աշակերտներ կրթաթոշակ կը ստանային, այժմ անոնց թիւը բարձրացած է 140ի:
«Քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի հետ համաձայնած ենք, թէ եկեղեցին այդ հատուցումը ստանայ բաժիններով, քանի որ ամբողջական գումարը, որ կը հասնի 8 միլիոն թրքական լիրայի (1.4 միլիոն տոլար), դժուարութիւն պիտի յառաջացնէ նաեւ քաղաքապետարանին»: