
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19ի երեկոյեան, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ «Խոստումը» հայկական հիմնարկին պաշտօնական բացումը:
Հաւաքին ներկայ էր համալսարանի տնօրէն Ճին Պլաք, որ բացատրեց, թէ հիմնարկը ի մի պիտի բերէ Հայաստանի եւ հայկական Սփիւռքին առնչուող բոլոր նախաձեռնութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները, աշխուժացնելով հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին դասաւանդումը, միաժամանակ համայնքային ձեռնարկներ իրականացնելով։
Հիմնարկը պիտի գործէ համալսարանի Միջազգային հիմնարկին հովանիին տակ։ Անոր մէկ մասնիկը պիտի ըլլայ՝ Հայագիտական ուսմանց կեդրոնը, որ պիտի ունենայ մնայուն որակաւոր դասախօսներ, ինչպէս նաեւ այցելու դասախօսներ, նեցուկ կանգնելով համալսարանի հայագիտականի ուսանողներուն, յաւելեալ գումարներ ապահովելով հայերէնի դասաւանդման ընդարձակման համար։
Հանրութեան յատուկ նախաձեռնութիւնները պիտի իրականացնէ հիմնարկին Ծրագիրներ հանրութեան համար բաժանմունքը, որ նաեւ պիտի համակարգէ հայկական հնագիտական ուսումնասիրութեան, արուեստներու, գործարարութեան, իրաւագիտութեան, առողջապահութեան, քաղաքականութեան, բժշկութեան, տեղեկատուական գիտութեանց եւ ընկերային քաղաքականութեան մարզերու միջեւ գործակցութիւնները, նպաստելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ յարաբերութեանց սերտացման։
Բաժանմունքը հիմնարկի տարիներու ծրագրումին արդիւնք է եւ կը հաստատուի հանգուցեալ ազգային բարերար Գըրգ Գըրգորեանի մտայղացումը հանդիսացող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած The Promise շարժապատկերի հասոյթին տրամադրուած 20 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան միջոցաւ, որ նոյնանուն եւ նոյն համալսարանին մէջ հաստատուած Մարդկային իրաւանց հիմնարկին մղիչ ուժն էր։
Համալսարանին մէջ գործող «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» բժշկական բաժանմունքի բժիշկ Էրիք Իսրայէլեան, որ նաեւ The Promise շարժապատկերի արտադրիչներէն մէկն է, մանրամասնութիւններ տուաւ նոր հիմնարկին մասին։
Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ընդունելութեան ներկայ եղաւ Մովսէս քհնյ. Շաննաքեան:
Համալսարանի Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի հիմնադիր փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, ինչպէս նաեւ աշխարհահռչակ աստղեր Քիմ եւ Քլոյի Քարտաշեան, Սերժ Թանգեան, Էնճըլա Սարաֆեան, Քրիսչըն Պէյըլ, Թերի Ճորճ, Անտրէ Աղասի եւ ուրիշներ եւս ներկայ էին հաւաքին։