ԵՐԵՒԱՆ.- 25 Նոյեմբերին, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներուն հետ:
Դեսպան Թրէյսիին կ՛ընկերակցէին դեսպանութեան քաղաքական եւ տնտեսական բաժինի ղեկավար Ռայան Քեմպըլ, քաղաքական հարցերու մասնագէտ Լիլիթ Օհանեանը:
ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցը կը ներկայացնէին Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, ԳՄի անդամներ՝ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան եւ Աշոտ Սիմոնեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանին՝ հանդիպման նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելով զայն՝ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով՝ Իշխան Սաղաթելեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց իշխանափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած քաղաքական իրողութիւնները: Ան յատկապէս անդրադարձաւ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցին գնահատականներուն ու շարք մը մտահոգութիւններ բարձրացուց՝ երկրին մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացներուն առնչութեամբ:
Հանդիպման մասնակից՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի միւս անդամները շեշտադրեցին հանրապետութեան մէջ իրական, բովանդակային եւ համակարգուած բարեփոխումներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ իրենց անհանգստութիւնը արտայայտեցին երկրին մէջ սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կառոյցներու նկատմամբ նկատուող անառողջ գործընթացներուն գիծով:
Դեսպան Թրէյսին իր խօսքին մէջ յատկապէս նշեց. «Ես կ՛արժեւորեմ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան երկարամեայ յարաբերութիւնները Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւններուն, որոնց կարգին՝ ՀՅԴին հետ: Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հայաստանի ժողովրդավարական, տնտեսական ու ընկերային կառավարման աջակցելու իր յանձնառութեան, ինչպէս եղած է մեր դիւանագիտական յարաբերութիւններու 27 տարիներուն»:
Հանդիպման աւարտին կողմերը կապերը պարբերական դարձնելու եւ մօտեցումները իրարու փոխանակելու համոզում յայտնեցին: