ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- «Էքսիըս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, հանրապետական ծերակուտական Լինզի Կրեհեմ, Կիրակի, Նոյեմբեր 24ին ընդունեց, որ Սպիտակ տան խնդրանքով է, որ Նոյեմբեր 13ին դէմ դրած էր Ծերակոյտի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը բաց քուէարկութեան դնելու ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի առաջարկին:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 13ին Կրեհեմ այն փոքրաթիւ ծերակուտականներէն մէկն էր, որ մասնակցած էր Սպիտակ տան մէջ կայացած Էրտողան-Թրամփ հանդիպումին եւ անկէ ետք էր, որ յայտարարած էր, թէ ժամանակը յարմար չէ նման բանաձեւ մը քուէարկութեան դնելու։
«Միակ պատճառը, որ ես ըրի, այն էր, որ Էրտողան դեռ Ուաշինկթընի մէջ էր: Ես կը փորձեմ փրկել յարաբերութիւնները, որքան որ կարելի է», ըսած է Կրեհեմ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ անյարմար կը զգա՞յ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը արգելափակելուն համար, Կրեհեմ պատասխանած է. «Այո՛, որովհետեւ ես կը հաւնիմ Պապ Մենենտեզը: Ան տարիներ շարունակ կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ: Ես յաջորդ անգամ չեմ պատրաստուիր առարկելու»:
Յիշեցնենք, որ Կրեհեմէն ետք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը միաձայնութեամբ վաւերացներլու այլ առաջարկի մը դէմ կեցած էր Էրտողան-Թրամփ հանդիպումին մասնակցած այլ հանրապետական ծերակուտական մը՝ Տէյվիտ Փըրտուն:
Թրամփ դիւանագետ մը չեր և չիկրնար ըլլալ. ան վարժ է խոսելու ույժի վախի և սպառնալիքի բեմէն՝ ինչպէս ամիս մը առաջ խօսէց հեռացայնով Թուրք նախագահին հետ վախցնելով ու Խարխափանքով նոյնիսկ – Հայոց ձեղասպանութեան ճանաջումը վաւերացնելու:
Իսկ թուրք նախագահը, հաւանաբար հակադարձեց նոյն ոճով Եթէ…ով.- Թրամփի նկատողութեան յանձնէց իր երկնաքեր շենքը Պոլսոյ մէջ:
Ապա ինչու՞ թրամփ հրաւիրեց էրտողանը Ճերմակ Տուն’… :