ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին առեւտուրը Յունուար-Հոկտեմբերին 2019ին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակին հետ համեմատած, աւելցած է 6.5 տոկոսով, ընդ որում, աւելցած է ոչ միայն արտածումը, այլ նաեւ՝ ներածումը։
Այս տուեալները փոխանցած է Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Հայաստանէն արտածման աճը 2019ի Յունուար-Հոկտեմբերին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակին հետ բաղդատելով, կազմած է 7.2 տոկոսով: Իսկ ներածման ծաւալը այս տարուան 10 ամիսներուն, 2018ի նոյն ժամանակին հետ բաղդատելով, աւելցած է 6.2 տոկոսով: