ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ եւ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի նոր նշանակումը աղմուկ բարձրացուցած է իշխանամէտ մամուլին մէջ:
Արդարեւ, Իմամօղլու քաղաքապետարանին մէջ խորհրդական նշանակած է տարբեր հարցերու մէջ իշխանութեան հանդէպ սուր քննադատութիւններով յայտնի եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող Զէյնեպ Թանպայը:
Իշխանամէտ կամ աջ ուղղուածութիւն ունեցող շարք մը լրատուամիջոցներ «գայթակղեցուցիչ» որակած են այս նշանակումը, ներկայացնելով տարբեր հարցերու մէջ իշխանութիւններուն ուղղուած Թանպայի սուր քննադատութիւններէն օրինակներ:
Մասնաւորապէս, Էրտողանի խօսափող համարուող «Սապահ» թերթին կայքը յիշեցուցած է, որ Թանպայ 2016ին միացած էր Պոլսոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներուն, եւ մէջբերած է այդ առիթով ընկերային ցանցերու վրայ անոր հետեւեալ գրութիւնը. «Պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ, փոխհատուցում տրամադրէ, ետ վերադարձնէ հայերուն պատկանող պետականացուած գոյքերը ու քաղաքացիութիւն տրամադրէ անոնց»:
Նշենք, որ մասնագիտութեամբ պարուհի Թանպայ յայտնի թուրք քաղաքական գործիչ եւ նախկին պատգամաւոր Ուֆուք Ուրասի կինն է: Ուրաս մասնակցած է Թուրքիոյ շարք մը մտաւորականներու կողմէ կազմակերպուած՝ «Ներեցէ՛ք մեզի» արշաւին, որուն նպատակն էր հայերէն ներողութիւն խնդրել Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր ուրացման համար։
Հայաստան ու Արցախ այցելած Ուրասին անունը նաեւ մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան «սեւ ցանկ»ին: