ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վրաստանի մայրուղիներու վարչութեան պաշ-տօնեաները Ջաւախքի մէջ Մագատիա եւ Տատէշ հայկական գիւղերուն հայերէն անունները վերցուցին մայրուղիներու ցուցատախտակներու վրայէն։ Ցուցատախտակները, որոնք նախապէս երեք լեզուով էին, վրացերէն, անգլերէն ու հայերէն, հիմա երկու լեզուով են այլեւս։
Ջաւախքի հայկական հիմնարկութեան տնօրէն Արտուշ Գրիգորեան այս մասին հեգնանքով կը գրէ. «Այս քաջարի քայլէն վերջ Վրաստանի մէջ բոլոր հարցերը պիտի լուծուին, ընդդիմադիրները պիտի դադրեցնեն իրենց ցոյցերը, ռուսերը պիտի վերադարձնեն Աբխազիան ու Օսեթիան, Թուրքիա պիտի հրաժարի Աճարիոյ բնակչութիւնը թրքացնելու քաղաքականութենէն, Ատրպէյճան պիտի մոռնայ Դաւիթ Կարէճա վանքը եւ վրացիները պիտի տիրանան իրենց երջանկութեան։ Կը շնորհաւորեմ»։