ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Նոյեմբեր 26ին, թրքական Atlas Global օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարութիւն մը տարածեց, տեղեկացնելով բոլոր ուղղութիւններով իր թռիչքները ժամանակաւորապէս դադրեցնելու մասին:
Atlas Global-ը Պոլիս-Երեւան օդային կապ հաստատող միակ ընկերութիւնն է, որ շաբաթական 4 թռիչքներ կ՛իրականացնէր: Համաձայն յայտարարութեան՝ բոլոր թռիչքները պիտի դադրին, մինչեւ Դեկտեմբեր 21, ընկերութեան դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններուն հետեւանքով։