ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը, քննելէ ետք թուրք քանդակագործ Մեհմետ Աքսոյի բացած դատը՝ ստեղծագործելու ազատութիւնը ոտնահարելու եւ իր ստեղծագործութեան հասցէին վիրավորական արտահայտութիւններ հնչեցնելու մասին, Աքսոյի ի նպաստ վճիռ արձակած է:
Նշենք, որ 2011ին Կարսի մէջ հաստատուած եւ հայ-թրքական բարեկամութեան նուիրուած արձանը այդ օրերուն վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հրահանգով քանդուած էր։ Էրտողան «այլանդակ կառոյց» որակած էր արձանը:
Երկարատեւ ձգձումներէ ետք, դատարանը վերջապէս ընդունած է, որ արձանին քանդումը արձանագործին արտայայտուելու եւ ստեղծագորելու իրաւունքին ոտնակոխում մըն էր, 3500 տոլարի վնասուց հատուցում պահանջելով։