ՀՅԴ ՀԵՄի (Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւն) Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» օրինագիծի քննարկման ընթացքին, խօսքը նախարարին ուղղելով՝ ըսաւ. «Յոյս ունեմ՝ երէկ հանգիստ քնել էք, որովհետեւ հարցեր քննարկելու պահանջով այստեղ եկած ուսանողներից 24ը յայտնուեցին բաժնում»։
Նախարարը արձագանգեց, որ նախարար ըլլալէ առաջ ալ լաւ չէր քնանար «նախորդների խայտառակ ժառանգութեան» պատճառով: Առաւել եւս, նախարար նշանակուելէ ետք Արայիկ Յարութիւնեանի քունը եւ հանգիստը խանգարուած է. «Որովհետեւ ծանօթացայ նաեւ օրիորդի ներկայացրած կուսակցութեան ժառանգութեանը», աւելցուց ան՝ դիտել տալով. «Առաջիկայ տարիներին էլ հանգիստ չի լինելու իմ քունը»։
Քրիստինէ Վարդանեան նախարարին յանձնեց 3 Դեկտեմբերի ցոյցին ընթացքին ցուցարարներուն հրապարակած հրաժարականի դիմումը: Ան իրեն հետ բերած էր նաեւ մեթրոյի ժետոն, զոր յանձնեց Ա. Յարութիւնեանին՝ ըսելով, որ առաջուան պէս տուն երթայ հանրային փոխադրամիջոցով եւ տեսնէ, թէ ի՛նչ կը կատարուի ժողովուրդին մէջ, քանզի պատերուն ետին ան անջատուած է իրականութենէն։
Քրիստինէ Վարդանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ չ՛ուզեր քաղաքական շահարկումներ ըլլան՝ նկատի ունենալով, որ ինք կուսակցական է՝ աւելցնելով, որ վերջին շրջանին նման վատ գործելաոճ որդեգրուած է. «Եթէ կան հարցեր, ապա դուք գիտէք հասցէատէրերին»: Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու անկախութեան մասին խօսելով՝ Վարդանեան ըսաւ, որ եթէ նախարարութիւնը կը փափաքի այդ մէկը կատարել, ուրեմն ինչո՛ւ այդ հաստատութիւններու կառավարման խորհուրդներուն մէջ նախարարութեան կողմէ նշանակուող մարդոց թիւը կ՛աւելնայ. «Հետեւաբար, հայագիտական առարկաների դասաւանդման հարցը բուհերին թողնելը եւ դրանով յայտարարելը, որ, այդպիսով, բուհերը աւելի անկախ են դառնում, արհեստական օրակարգ է», եզրափակեց ՀԵՄականը։
3 Դեկտեմբերին ոստիկանական ուժերուն կողմէ խաղաղ ցոյց կատարող ՀԵՄականներուն նկատմամբ բանեցուած բռնութիւնը, բիրտ վերաբերումը, ինչպէս նաեւ յանուն ազգային կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման պայքարի ելած երիտասարդներուն արդար բողոքի ձայնը բռնութեամբ լռեցնելու փորձը դատապարտեցին եւ անոնց արդար պայքարին զօրակցելու յայտարարութիւններ հրապարակեցին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնն ու ՀՅԴ Ռուսիոյ կազմակերպութեան պատասխանատու մարմինը։ Վերջինը Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջեց զերծ մնալ բռնութենէն, ականջալուր ըլլալ հանրութեան արդար պահանջին եւ հրաժարիլ այն քայլերէն, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով հարուած կը հասցնեն ազգային արժեհամակարգն ու ինքնութեան:
Ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններու միութիւնը եւս երիտասարդներուն դէմ կիրարկուած բռնութիւնը մերժող հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց։ «Ղարաբաղեան պատերազմի վետերանների միութիւնը, դատապարտում է ոստիկանների նման վարքագիծը: Ցաւով արձանագրում ենք, որ այս դէպքը ցոյց տուեց, որ այսօր Հայաստանի ոստիկանութիւնը չի ծառայում օրէնքին եւ խաղաղ ցուցարարների նկատմամբ կիրառում է անհամարժէք միջոց՝ բիրտ ուժ: Այնինչ բռնութիւնը բռնութիւն է ծնում եւ խաղաղ ցուցարարներին դրդում աւելի կոպիտ գործողութիւնների, որի ամբողջական պատասխանատուութիւնը եւս ընկնում է օրուայ ոստիկանական համակարգի եւ իշխանութեան վրայ: Յորդորում ենք այլեւս զերծ մնալ նման պահուածքից եւ գործողութիւններից: Պահպանէք զգօնութիւն եւ մի արէք այնպէս, որ արդէն ազատամարտիկները եւս դուրս գան փողոց ցոյցի եւ կանգնեն հայրենասէր երիտասարդների կողքին», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ: