ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան կը հաղորդէ, թէ 4 Դեկտեմբերին, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, ԵԱՀԿի 26րդ Նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, Պրաթիսլավայի մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի եւ Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումը։
Անկէ առաջ տեղի ունեցաւ Զօհրապ Մնացականեանի եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովի (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի միջեւ տեսակցութիւն մը։