ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ նիւթական ժառանգութիւնը մեզի համար արժէք է, որուն պատշաճ խնամքը, արժեւորումը եւ փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն՝ բոլորիս պարտքն է։ «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գեղամ Մուշեղեան, որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Տաշիր-Պիցցա» ուտելիքի սպասարկման ցանցի տնօրէնութեան՝ իրենց նախաձեռնութեան ջերմօրէն արձագանգելուն եւ «Տաշիր-Պիցցա» ցուցանակը՝ Հանրապետութեան 37 հասցէին վրայ գտնուող երեւանեան պատմական շէնքին վրայէն վերցնելուն համար։
Այդ շէնքը, ուր այսօր կայ փիցցայի նշեալ ճաշարաններէն մէկուն մասնաճիւղը, Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը խորհրդանշող նիւթական մշակոյթի նմոյշներէն է, ուր 1918-1920ին տեղակայուած էր հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ այդ նոյն պատշգամէն, որուն տակը տարիներէ ի վեր կախուած էր «Տաշիր-Պիցցա» ցուցանակը, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեան ընթերցած է Անկախութեան հռչակագիրը՝ յայտարարելով Հայաստանի անկախութիւնը:
ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն, հանդէս գալով նշեալ ցուցատախտակը հանելու եւ զայն բոլորովին այլ բովանդակութեամբ ցուցատախտակով փոխարինելու նախաձեռնութեամբ՝ 2 Հոկտեմբեր 2019 թուակիր նամակը ուղարկեց «Տաշիր-Պիցցա» տնօրէնութեան՝ խնդրելով հանել նշեալ ցուցանակը: Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գ. Մուշեղեանի ստորագրութեամբ յիշեալ նամակին մէջ նաեւ առաջարկուած էր տնօրէնութեան՝ նշեալ ցուցանակին փոխարէն հոն տեղադրել շէնքին ու պատշգամին պատմական արժէքը արտացոլացնող ցուցանակ մը կամ յայտարարութիւն մը:
«Երէկ մենք նոր նամակներով դիմել ենք ե՛ւ «Տաշիր Պիցցա»ի տնօրինութեանը՝ յայտնելով շնորհակալութիւն, ե՛ւ Երեւանի քաղաքապետին, որով առաջարկում ենք՝ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէին տալ թոյլտուութիւն, որպէսզի մենք Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին կառավարութեան շէնքի, ինչպէս նաեւ Արամ Մանուկեանի արձանի դիմաց սեփական միջոցներով տեղադրենք համապատասխան ցուցանակներ», յայտնեց Գ. Մուշեղեան:
ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահը նաեւ տարօրինակ նկատեց այն փաստը, որ վերջին շրջանին որոշ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ հրճուալից գրառումներ կ՛ընեն՝ յայտարարելով, որ նշեալ ցուցանակի հեռացումը կատարուած է սեփական քաղաքական ուժի նախաձեռնութեամբ:
«Եւ այսպիսի յայտարարութիւնների հեղինակները իշխանութեան ներկայացուցիչներն են, որոնց քաղաքական թիմի անդամներն ամէն օր ոտնձգութիւններ են կատարում մեր ազգային արժէքների դէմ: Կարո՞ղ է որեւէ մէկը հաւատալ, որ այլասերում քարոզող ներկայիս իշխանութիւնները կարող էին իրենց թոյլ տալ այնպիսի «ճոխութիւն», ինչպիսին առաջին Հանրապետութեան խորհրդանիշ հանդիսացող նիւթական արժէքների արժեւորումն է», զարմանքով իր խօսքը եզրափակեց Գ. Մուշեղեան: