ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուեցաւ «Էյ. Տի. Էմ. Տայմոնտս» ադամանդի գործարանի բացման արարողութեան։ Վերակառուցուած շէնքին մէջ ընկերութիւնը ունի 3600 քմ. արտադրական տարածք, 700 աշխատակիցներ ունենալու կարելիութիւն: Ծրագիրի իրականացման համար կատարուած է շուրջ 3.5 միլիոն տոլարի ներդրում: Ծրագրուած է 2020ին արտածման ծաւալները հասցնելու մինչեւ 100 միլիոն տոլարի:
Վարչապետը շրջագայեցաւ ընկերութեան մէջ, ծանօթացաւ ադամանդի վերամշակման գործընթացին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն: Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց ոլորտի զարգացումը Հայաստանի մէջ եւ նշեց, որ կառավարութիւնը պատրաստ է ցուցաբերել համապատասխան օժանդակութիւն:
Ընկերութիւնը կ՛աշխատի սեփական հումքով՝ կիրարկելով Հնդկաստանի փորձառութիւնը, որ թոյլ կու տայ ադամանդի կազմութեան գործընթացը իրականացնելու որեւէ հեռաւորութեան վրայ գտնուող տարբեր վայրերու մէջ:
Ընկերութեան ղեկավարին համաձայն՝ այս փորձառութեան կիրարկումը Հայաստանի մէջ կարելիութիւն կու տայ աշխատատեղեր ստեղծելու հեռաւոր մարզերուն մէջ եւս՝ հոն, ուր կայ աշխատանքի խնդիր, լուծելով ընկերային կարեւորագոյն հարց: Ընկերութեան մէջ կը գործէ նաեւ հաշմանդամներու արտադրամաս, որ կ՛ըն-դարձակուի։