ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ֆլեշ» ընկերութեան նախագահ Բարսեղ Բեգլարեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուեցաւ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 38-179րդ յօդուածի 3րդ մասի առաջին կէտով (պետութենէն վատնելու եղանակով առանձնապէս մեծր չափերով գումարի յափշտակութեան դրդում):
Յատուկ քննչական ծառայութենէն կը յայտնեն նաեւ, որ Բարսեղ Բեգլարեան կանչուած է հարցաքննութեան։ «Լուրեր» լրատուամիջոցին հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին ան նշեց, որ կը բացառէ, որ Սերժ Սարգսեան ունեցած է անձնական շահագրգռութիւն՝ իբր թէ վառելանիւթի մատակարար իր ընկերութիւնը ընտրելուն համար: