ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Օրեր առաջ հայ մամուլը գուժեց սփիւռքահայ ամէնէն տարեց բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանին մահը: Անոր համար, այս օրերուն գրական մեր աշխարհէն ներս, սուգ է, որովհետեւ ոչ եւս է երկար տասնամեակներէ ի վեր մեր գրականութեան ածուին մէջ անխօնջ վար ու ցան ընող մեր երիցագոյն բանաստեղծը:
Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք, թէ ժամանակի թաւալումով շատ բան կը փոխուի մեր կեանքին մէջ: Այսպէս, մեզմէ անկախ մեր շուրջէն առյաւէտ կը բացակային այնպիսի դէմքեր ու կերպարներ, որոնք օրինակ ըլլալու կոչուած էին իրենց գոյութեան ողջ ընթացքին: Եւ անոնց բացակայութիւնը յաճախ ցաւ ի սիրտ ոչինչ ու ոչ ոք կրնայ լեցնել, որովհետեւ անոնք կը պատկանէին սերունդի մը, որ իսկապէս անփոխարինելի եղած էր:
Հայ գրականութեան պատմութեան մէջ սակաւաթիւ են այն գրողներն ու բանաստեղծները, որոնք իրենց առաջին իսկ ստեղծագործութիւնով գրասէր շրջանակներուն կը ներկայանան ո՛չ միայն իւրայատուկ աշխարհի մը ծանօթ եւ անծանօթ ոլորտները լոյսին պարզելու արժանիքով, այլեւ՝ հասուն գրիչի մը տէրը եղող ամբողջական կերպարով:
Ահա այս օժտեալ ու բացառիկներէն մէկն էր սփիւռքահայ քերթողութեան նահապետ, հանգուցեալ Ժագ Ս. Յակոբեան:
Զինք ճանչցած էի, իմ աշակերտական գրասեղաններուն վրայ հպարտութիւն առթող «Մենք» բանաստեղծութեան ընդմէջէն:
Ապա անկէ ետք իր հաւատացեալի ու նուիրեալի շունչով, աղօթքներով եւ օրհնութեամբ միշտ մեզի ընկերակցող իր պատգամները, սէր բուրող խօսքերով, բառերով եւ տողերով, ինծի նոր ճանապարհներ առաջնորդած էին:
Ժագ Յակոբեան, իբրեւ բանաստեղծ, համեստօրէն աշակերտելով իրականութեան, անկեղծութեան եւ պարզութեան դպրոցին, ինծի համար նաեւ երգիչն էր սիրոյ, կեանքի, անսասան ու մաքուր հաւատքի, հանդարտ, անվիշտ եւ անխռով սիրտի, որ միշտ կը մնայ թարմ ու զօրեղ եւ մեր քերթողական աւանդութեան հաւատարիմ:
Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ պահելով հանդերձ հայրենասիրական իր բացայայտ նկարագիրը, ինք միշտ հակած էր մարդ էակին հոգեկանի բիւրեղացման, քրիստոնէական իմացումներուն: Աստուծոյ եւ Քրիստոսի հանդէպ իր ստեղծագործ տողերը վերածելով կրօնաշունչ պատգամներու, ազնիւին ու բարիին հաւատարիմ եւ մանաւանդ Աստուծմով իմասատուորուած՝ ան մուտք գործած էր մեր շրջապատի սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, ստեղծելով ջերմութիւն եւ հաստատ համակրանք, միաժամանակ փոխանցելով սէր եւ գուրգուրանք հանդէպ ազգային արժէքներուն, մեր լեզուին, մեր հաւատքին, մեր կրօնքին, մեր գիրին, մեր Մաշտոցին ու մեր Արարատին, հասուն գիտակցութեամբ եւ գալիք ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար իրազեկ ըլլալու գոհունակութեամբ:
Գուշակ ըլլալու կարիք չկայ:
Բոլորս ալ կ՛ապրինք խառն ժամանակներու մէջ, որոնց դրական եւ բացասական անդրադարձներէն անմասն չենք կրնար մնալ: Համաշխարհայնացման այս օրերուն, երբ հսկայ եւ մեծ ազգեր կը փորձեն պարտադրել իրենց մշակոյթը, իբրեւ տարասփիւռ հայեր, մենք դարաւոր ինքնութիւնը պահպանելու անխուսափելի հարց ունինք:
Ահա Ժագ Յակոբեան, որ իր անձը իբրեւ աղբիւր իր մտածումներուն, մեր Մեսրոպաշունչ հայ լեզուն, մեր ազգային ինքնութիւնը, հայ ըլլալու եւ հայ քրիստոնեայ մնալու խանդավառութիւնն ու կեանքը կը բերէր մեզի ու զանոնք կը ներարկէր իբրեւ յաւետենականութեան աւիշ:
Մեծ ու հպարտանք ներշնչող բանաստեղծ մըն էր, որ տասնամեակներու երկայնքին շարունակ զգալի դարձուցած էր իր ներկայութիւնը գրական հրապարակին վրայ, նրբահիւս հայերէնի կախարդական իր եղանակներով:
Յատուկ շունչ կայ իր բառերուն եւ տողերուն մէջ: Ան վարպետօրէն հոգեկան գիծեր գծելով, մեր սիրտերն ու ուղեղները տեսակ մը հայկականութեան բոյրով կը գրաւէր:
Մէկ խօսքով, հաւատք եւ հայութիւն ստեղծող ինքնագիտակցութիւն:
Իր ամբողջ կեանքին տեւողութեան իր անձը եւ գործը կապեց իր Աստուծոյն, իր հաւատքին, իր լեզուին եւ անոր կերտող սուրբին: Իր բազմազան պատկերներով ու խիզախ եւ ուրոյն մտածողութեամբ գրուած բանաստեղծութիւնները խորքին մէջ մեզի համար մէկական ձայներ էին, մեզի կանչող՝ մեզի զգաստութեան հրաւիրող բառերով եւ տողերով:
Ու հաստատօրէն ցեղին իբրեւ հաւատարիմ զաւակ, իր կնիքը քանդակեց մեր գրական անդաստանին վրայ:
Ահա արժանաւոր օրինակ մը, կ՛ըսեմ միշտ: Իր յիշատակը մերն է, եւ պէտք է զայն հսկենք: Լուրջ պաշտամունքն է իմ բաժինը:
Մեր մեծերը կը մնան մեր յուշերուն մէջ, որովհետեւ մեզի տակաւին շատ ըսելիքներ ունին անոնք: Ու մեծանուն մեր այս բանաստեղծին համար տարբեր չի կրնար ըլլալ մեր վերաբերումը ո՛չ այսօր եւ ոչ ալ վաղը, որովհետեւ ան օրինակելիօրէն մնաց իր կոչումին եւ դերին գիտակից:
Անմեղօրէն եւ հպարտ փորձեցի արժեւորել իր տեղն ու դերը, որովհետեւ յատուկ եւ ինքնաբուխ հիացում ունիմ այս իրականութեան դիմաց։ Նաեւ ուզեցի մատնանշել այն բացը, որ ձգած է իր ետին:
Իր յիշատակին նուիրուած այս տողերը, թող իմ կողմէ ալ ըլլան իր անձին, իր գրական մեծ վաստակին, բանաստեղծական իր անզուգական շունչին եւ գրիչին երախտագիտական հարազատ տուրք մը:
Հանգիստ իր ոսկորներուն: