ՖՐԵԶՆՕ.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մեկնեցաւ Ֆրեզնօ՝ բացման աղօթքը կատարելու եւ իր պատգամը փոխանցելու Ag One Community Salute ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի Ag One հիմնարկին կողմէ։
Երկամեայ դրութեամբ տեղի ունեցող ձեռնարկին նպատակն է հանգանակութիւն կատարել՝ ի նպաստ Ֆրեզնոյի համալսարանի գիւղատնտեսական ծրագիրներուն եւ ուսանողներուն։ Այս ձեռնարկի ընթացքին նոյնպէս կը պարգեւատրուին գիւղատնտեսութեան մէջ գործունէութիւն ծաւալող այն անհատներն ու ընտանիքները, որոնք նպաստած են համայնքին։
Այս տարուան մեծարեալներն էին Փառնակեան ընտանիքը՝ Տենիս, Քեն, Ռենտի եւ Ֆիլիփ եղբայրները, իրենց հօրեղբայրը՝ Փիթը ու զարմիկը՝ Ճիմը, որոնք երկար տարիներ շարունակ Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ եւ Ազգային առաջնորդարանիս հաւատարիմ անդամներն ու բարերարներն են։
Սրբազանը նախ կատարեց բացման աղօթքը, գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ այս համախմբման համար եւ խնդրեց Տիրոջմէն, որ մեզի իմաստութիւն եւ ուժ պարգեւէ՝ ընկերութեան մէջ մեր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները կատարելու։ Գոհաբանութեան օրուան ընդառաջ, ան փառք տուաւ Աստուծոյ Իր առատ պարգեւներուն ու շնորհքներուն համար, եւ խնդրեց, որ տէրը ի՛նք առաջնորդէ մեր քայլերը կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ։
Այնուհետեւ, առաջնորդը ողջունեց եւ օրհնեց Ag One հիմնարկի նուիրեալ անդամներն ու նուիրատուները, որոնք լիաբուռն ու միակամ կը գործեն՝ նիւթաբարոյական աջակցութիւն տրամադրելով ուսանողներուն։ Ան իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը ուղղեց մասնաւորաբար ձեռնարկի յոբելեարներուն՝ համայնքին մատուցած անսակարկ ծառայութեան եւ գիւղատնտեսական արդիւնարերութեան ոլորտէն ներս իրենց մեծ նպաստին համար։ «Ինծի համար եւ վստահ եմ բոլորիդ համար Փառնակեան անունը հոմանիշ է ազնուութեան, առատասրտութեան, համեստութեան, աշխատասիրութեան, ընտանեկան արժէքներու եւ մարդոց հանդէպ սիրալիր ծառայութեան։ Անոնք օրինակելի անձնաւորութիւններ են թէ՛ իրենց ասպարէզին եւ թէ անհատական կեանքին մէջ, եւ իսկապէս արժանի են այս մեծարանքին», ընդգծեց ան։
Ընտանիքին կողմէ իր սրտի խօսքը փոխանցեց Տենիս Փառնակեան։