ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հերքեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան իշխանութեան դէմ այսպէս կոչուած «պարտիզանական մարտեր մղելու» յորդոր կատարած է։ «Կոնտեքստից (բնաբանէն-Խմբ.) կտրուած, իրականութեան հետ առնչութիւն չունեցող ձեւակերպումներով հաւաքից տեղեկութիւններ են դրել շրջանառութեան մէջ մարդիկ, ովքեր այդ հաւաքին ներկայ չեն եղել», պարզաբանեց Սաղաթելեան։
Գանատա գտնուող Սաղաթելեան տեղեկացուց, որ Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ կուսակցութեան մարզային կոմիտէներու, Գերագոյն մարմինի ղեկավար կազմի, Ուսանողական եւ Երիտասարդական միութիւններու վարչութիւններու խորհրդաժողով, որուն մասնակցեցան 150 դաշնակցականներ, որոնց կարգին՝ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ան դիտել տուաւ, որ կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջին որոշումը տրուած էր Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան նիստին, իսկ Հոկտեմբերին տեղի ունեցած ղեկավար կազմի խորհրդաժողովին այս նիւթին ընդհանրապէս անդրադարձ չէ կատարուած։
5 Դեկտեմբերին, Դաշնակցութեան շարքերէն արտաքսուած անձերուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ Սաղաթելեան ըսաւ, որ կուսակցութեան մէջ բոլորը ազատ են իրենց կարծիքը յայտնելու, բայց եթէ քաղաքական ուժը որոշում տայ, ապա զայն կը կատարեն բոլորը։ Անդրադառնալով արտաքսումի պատճառներուն՝ ան ըսաւ. «Որոշումներին չենթարկուելու եւ հակակարգապահական արարք թոյլ տալու համար, այսինքն՝ չեղած բանի մասին սաբոտաժ (խափանարարութիւն-Խմբ.) ստեղծել, կեղծ լուրեր տարածել, փորձել իրենց գործողութիւններով վարկաբեկել կուսակցութեանը»: