
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան 3 Դեկտեմբերին նամակ մը յղեց ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզին եւ Թետ Քրուզին՝ դրուատելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 150 բանաձեւին հաստատումին ի նպաստ անոնց յաւելեալ ջանքերը։
Համբարեան նամակին մէջ կը շեշտէ, որ բանաձեւը անմիջապէս բաց քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ վաւերացնելու նպատակով միւս ծերակուտականներուն վրայ Մենենտեզին եւ Քրուզի բանեցուցած ճնշումները օգտակար պիտի ըլլան՝ ձախողութեան մատնելու Անգարայի փորձերը, որոնց նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ջանքերը վէթոյի ենթարկել։
«Յստակ է, որ թէ՛ դոմոկրատ, թէ՛ հանրապետական եւ թէ անկախ ծերակուտականները, եթէ առիթը ունենան, գրեթէ միաձայնութեամբ պիտի հաստատեն բանաձեւը, ինչպէս տեղի ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ։ Ծերակուտականները լռութեան մատնելու Էրտողանի ջանքերուն կը զօրակցին միայն փոքրաթիւ ծերակուտականներ, որոնք կրնան բանաձեւին դէմ քուարկել, սակայն իրաւունք չունին խլելու ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու, ինչպէս նաեւ մարդկային տարրական իրաւունքներ եւ փորքրամասնութիւնները պաշտպանել միտող բանաձեւին նկատմամբ իրենց կարծիքը իրենց քուէով ազատօրէն արտայայտելու միւս ծերակուտականներուն իրաւունքը», կը գրէ Համբարեան։
