
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոկտեմբերի անձրեւոտ օր մը, Նիւ Եորքի աղմկոտ գետնուղիով, քարտէս դիտելով՝ հասանք չեմ գիտեր ո՛ր թիւ պողոտան, դուրս եկանք ընդյատակէն եւ պատերը եզերելով մենք մեզ գտանք Alexander Hamilton U.S Custom House թանգարանին առջեւ:
Աշխարհ մըն է այս թանգարանը. կարելի է հոն թափառիլ մէկ սրահէն միւսը, գտնել բազմաթիւ ուրիշ ցուցահանդէսներ աշխարհներու եւ ընկերութիւններու մասին: Վերադառնալ յաջորդ օրը:
Արա Կիւլերի գործերուն ցուցահանդէսը պիտի տեւէր տասը օր, 23 Սեպտերբերէն 4 Հոկտեմբեր:
Ազգային զգացականութեան բաւարարութիւն տալու համար եկած էինք թանգարանը: Հռչակաւոր արուեստագէտ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի գործերը կը ցուցադրուէին իր մահէն տարի մը ետք, արուեստի աշխարհի այս մեծ կեդրոններէն մէկուն մէջ:
Տարի մը առաջ մահացած Արա Կիւլէր ծնած է 1928ին, յաճախած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը: Հայկական թերթերու մէջ լոյս տեսած են իր պատմուածքները եւ հարցազրոյցները: Հետեւած է թատերական դասընթացքներու, տնտեսագիտութեան, բայց որոշած է ըլլալ լրագրող-լուսանկարիչ: 1950էն մինչեւ իր մահը, ան հանդիսացած է իր ասպարէզի ամէնէն փայլուն միջազգային արժէքով դէմքերէն մին. ստացած է մրցանակներ: Աշխատակցած է Թուրքիոյ կարեւոր հրատարակութիւններուն, բայց նաեւ եւրոպական եւ ամերիկեան մեծ թերթերու: 1961ին հռչակուած է աշխարհի եօթը լաւագոյն լուսանկարիչներէն մին: Տիրացած է նաեւ այլ տիտղոսներու: Camera հանդէսը բացառիկ մը հրատարակած է Արա Կիւլերի մասին: Ան հրաւիրուած է Միացեալ Նահանգներ, լուսանկարած է յայտնի դէմքեր: Ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ:
Լուսանկարած է կարգ մը մեծեր եւ հարցազրոյց ունեցած է անոնց հետ, ինչպէս՝ Պերթրանտ Ռասըլը, Ուինսթըն Չըրչիլը, Առնոլտ Թոյնպին, Ուիլեըմ Սարոյեանը, Սալվատոր Տալին եւ ուրիշներ:
Կիւլեր թաղուած է Պոլիս, Շիշլիի Ազգային գերեզմանատան մէջ: Պոլսահայութիւնը նշեց անոր մահուան տարելիցը:
Մտանք թանգարանը: Քիչ մը թափառելով եւ հարցնելով՝ հասանք բոլորակաձեւ սրահ մը, ուր կողք-կողքի շարուած էին Արա Կիւլերի լուսանկարչական գործերը: Սեղանին վրայ կային այս առիթով լոյս տեսած գեղատիպ պրակի մը բազմաթիւ օրինակները: Գրութիւնը կը ներկայացնէր Արա Կիւլերը, անոր ուսման տարիները, կը յիշէր, որ ան Պոլսոյ հայկական Կեդրոնական վարժարանի աշակերտ եղած է:
Ուշագրաւ էր, որ պրակին ներածականը, պրակի մէկ էջը՝ անգլերէնով, ստորագրած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեչէփ Էրտողան: Ցուցահանդէսը ներկայացուած էր Թուրքիոյ նախագահութեան կողմէ: Պրակին մէջ տրուած ծանօթութիւնը կ՛ըսէր, թէ Արա Կիւլեր Թուրքիան ծանօթացուց աշխարհին: Այս վերաբերումը ենթակայական ձեւով չեմ մեկնաբաներ: Հայ արուեստագէտ-լուսանկարիչ մը ներկայացուած էր այդ ներածականով, առանց ըսելու որ ան հայ էր:
Իսթանպուլ դարձած Կոստանդնուպոլսոյ կեանքը եւ երանգները բանաստեղծի աչքով նկարած է Արա Կիւլեր: Արդէն, ինչպէս ըսի, Կեդրոնականը աւարտած է, ան հայերէն պատմուածքներ ալ գրած է օրուան հայկական մամուլին մէջ, ապա մտած է շարժապատկերի աշխարհը, եւ ի վերջոյ ընդգրկած է մամուլի նկարիչի (photographe de presse) ասպարէզը:

Ձկնորսներ ներկայացնող լուսանկարին առջեւ կանգ առի, դիտեցի: Պոլիսը ինծի ծանօթ է հայ գրողներու եւ մեր պատմութեան դրուագներով: Չեմ կրնար ըսել, թէ ո՛ւր կը գտնուէին այս ձկնորսները, երբ զանոնք նկարած է Արա Կիւլեր, բայց յիշեցի հայկական Սամաթիան եւ իր հայ ձկնորսները, պարզ մարդիկ, որոնք հայութիւն պահած էին, եւ երբեմն ալ հերոսացած:
Արա Կիւլերը կոչած են «Պոլսոյ աչքը»: Արդարեւ, իր բազմաթիւ լուսանկարներուն մէջէն կը տեսնենք Պոլիսը, հին եւ նոր, իր ծովերով եւ նաւերով, իր պատմութեամբ: Իր լուսանկարներով ան եղած է նոր օրերու Պոլսոյ պատմագիրը: Աշխատակցած է նաեւ միջազգային մեծ թերթերու եւ պարբերականներու՝ Time, Life, Paris Match, Stein, եւ այլն: Լուսանկարները հրատարակուած եւ նաեւ ալպոմներով:
Արա Կիւլերի լուսանկարները ցուցադրուած են մեծ քաղաքներու մէջ՝ Փարիզ, Թոքիօն, եւ անշուշտ՝ Երեւան:
Անոնք, որոնք Արա Կիւլերի ցուցահանդէսներուն ներկայ չեն եղած, համացանցի վրայ կրնան գտնել անոր նկարները:
Արա Կիւլեր եւ միւս մեծ լուսանկարիչը՝ Եուսուֆ Քարշ, հայ մարդ էին, իրենց տաղանդով տիրացած էին մեծ համբաւի: Թուրքիոյ նախագահը կ՛ըսէ, որ Արա Կիւլեր՝ իր նկարներով եւ ցուցահանդէսներով «Թուրքիան ծանօթացուց» միջազգային հրապարակին վրայ: Նոյնը կրնանք ըսել այլ երկինքներու տակ ապրած Եուսուֆ Քարշի համար:
Եւ ինչպէ՞ս չմտածել այն մասին, որ այս հայ տաղանդաւոր մարդիկը չծառայեցին, աւելի ճիշդ, չկրցան ծառայել հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի պանծացման: Չկրցան ծառայել, ուրիշներ ալ այդպէս պիտի ապրին, քանի որ հայը հայրենահանուած է, բռնագրաւած են անոր տունը եւ հողը, հայրենիքը, եւ հայու տաղանդն ու ստեղծագործութիւնը հոսած են օտարներու աւազանին մէջ, մեզի ձգելով անոնց «ծագում»ով մխիթարուելու սնափառութիւնը:
Ասոնք մսխուած եւ մսխուող հայ տաղանդներու նմուշներն են: Օր մը կը կազմե՞նք ցանկը այս փառաւորուած եւ փառաւորուող կորուստներուն, անոնք ըլլան գրողներ, նկարիչներ, երաժիշտներ, գիտնականներ, մարզիկներ:
Երբ կը դիտէի պատերէն խօսող Արա Կիւլերի Պոլսոյ նկարները, միտքիս մէջ կը տողանցէին Գրիգոր Զօհրապի, Երուխանի, Մեծարենցի, Դուրեանի եւ ուրիշներու Պոլսոյ եւ Սկիւտարի մարդիկն ու գոյները: Ծովը, նաւերը եւ Գրիգոր Զօհրապի «Ճիտին Պարտքը» պատմուածքին դժբախտ հերոսին ջուրին վրայ ծփացող մարմինը:
Մենք ապրած ենք Ցեղասպանութիւն: Կը շարունակենք ապրիլ տաղանդներու օտարում, որ վերջին հաշուով՝ մշակութասպանութիւն է, քանի որ հայուն պարտադրած են իր միտքի եւ տաղանդի լոյսին տէր չկարենալ ըլլալ:
Թուրքիոյ նախագահը, իր ներածական խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Իր մեծ գործերով եւ ձեռքով, ան արուեստագէտ է մեզի եւ աշխարհի համար»:
Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտ եւ հայ գրականութիւն փորձած Արա Կիւլեր մամուլի մեծ լուսանկարիչ եղաւ:
Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի զաւակին համար, ցեղասպանութիւն գործած ժողովուրդին նախագահը կըսէ. «…Արա Կիւլեր անսահմանօրէն նպաստեց Թուրքիոյ պանծացման (Ara Guler… contributed immensely to the promotion of Turkey…)։
Ինչպէ՞ս չհիանալ եւ ինչպէ՞ս չտխրիլ…
Թանգարանին այցելուները ինչպէ՞ս կրնան հասկնալ Արա Կիւլերի նկարները դիտող հայ այցելուին հոգեկան խռովքը…
Երկար մնացի եւ դիտեցի լուսանկարները: Մարդիկ, փողոցներ, տուներ, ուր զարգացած է պոլսահայութիւնը, ուր ծնած եւ ծաղկած են հայկական վարժարաններ, ուր ձեւաւորուած է արեւմտահայերէնը եւ իր փառքը նուաճած է արեւմտահայ գրականութիւնը:
Յուսացի, որ այդ մեծ քաղաքէն հայու մը կը հանդիպիմ, որ եկած ըլլայ իր տաղանդաւոր հայրենակիցին հանդիպելու:
Նոյն օրը, երբ կը խօսէինք Արեւելեան Եւրոպայէն Նիւ Եորք հասած երէց սերունդէն հայու մը հետ, ըսինք, որ մէկ օր ետք կ՛աւարտէր ցուցահանդէսը: Երբ կրկին զինք տեսանք, ըսաւ որ գացած եւ տեսած էր Արա Կիւլերի գործերը:
Եւ կրկին մտորում. ինչպէ՞ս տեղեկութիւնը հասցնել իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, որպէսզի մէկութիւն ապրինք…