ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Սուրճի սեղանիկը պէտք եղաւ հիւրասենեակին մէջ այլ անկիւն մը փոխադրել, որպէսզի Արեւը եւ Տերեւը՝ չորս եւ ութ տարեկան, Հայաստանէն եկած խճանկարը կազմելու համար լայն տարածութիւն ունենան: Երեւանի համայնապատկերն է անիկա, «Կասկադ»էն դիտուած, տպուած խաւաքարտի վրայ, ապա՝ կտոր-կտոր կտրատուած. 200 կտոր:
Յարգելի ընթերցող, թող աղջնակները շարունակեն այդ ընտանեկան խաղ-գլուխկոտրուկի կտորները միացնել. կ՛առաջարկեմ «կտոր» բառին մասին մտածել եւ կարելի եղածին չափ միացնել անոր պատմութեան կտորները:
Առաջին մտաբերումը շարժապատկեր մը թող ըլլայ՝ «Կտոր Մը Երկինք»: Այդ դասականացած կտորը երբ ամէն անգամ հասնի իր աւարտին, այդպէս չէ՞, կտոր մը տխրութիւն եւ կտոր մը ուրախութիւն կը թողու մեր սիրտերուն մէջ: Դառնուրախ ստեղծագործութիւն մըն է անիկա, զոր կարելի էր կոչել նաեւ «Կտոր Մը Կեանք», «Կտոր Մը Կարօտ» կամ՝ «Կտոր Մը Կապոյտ»…: Այդ կոչումներուն մէջ, նկատեցի՞ք, լաւագոյն օժանդակ դերակատարը «կտոր» բառն է՝ համեստ գոյական մը, որ սիրած է զոյգեր կազմել եւ իր ընկերակիցը կտոր մը վեր հանել: Իսկ ինք՝ «կտոր» բառը, դարերու ընթացքին ունեցեր է իր չափով վերելքներ:
Շարունակենք անոր ցիր ու ցան կտորները հաւաքել ու փորձել ամբողջական պատմութիւնը յայտնաբերել:
– Նայէ՛, նայէ՛, քանի՜ կտոր միացուցինք:
– Ապրիք. քսա՛ն հատ… Մնացեր է միայն 180 հատը:
Հայկական մամուլին մէջ կատարուած որոնում մը երեւան կը հանէ, թէ այս բառը քանի՜ կտոր եղեր է մեր լեզուն աւելի արտայայտիչ դարձնելու համար: Ահա այդ որոնման առաջին արդիւնքները. «Կտոր մը հաց», լոյս, հող… «Կտոր մը երջանկութիւն», խաղաղութիւն, մանկութիւն… «Կտոր մը ժպիտ», տաղանդ, պարծանք… Կան նաեւ թեւաւոր խօսքեր. «Կտոր մը Հայաստան», «Մի կտոր երեւանցին», «Կարսից մի կտոր», «Հայաշունչ կտորներ», «Մի Կտոր Համշէն»: Վերջինը զբօսաշրջիկներու համար պատրաստուած գեղարուեստական տեսահոլովակ մըն է: Կ՛ուզեմ նաեւ յիշել պոլսահայ ուսուցիչ եւ արձակագիր Վահրամ Պուրմաեանի «Հէ՜գ Թուղթի Կտորներ» հատորը:
Դուք չկարծէք, թէ անիկա մեկուսացած բառ է, ընդհակառակը, «կտոր»ը բազմածին բառընտանիքի մը նախամայրն է, հարուստ՝ նաեւ հոմանիշներով: Ահա ցայտուն օրինակներ՝ մաս, մասն, կոտորակ, հատ, պատառ, պատառիկ, բաժին, հատուած, բեկոր, փշուր, նշխար, հացի՝ բրդուճ, ամպի՝ ծուէն: Յիշենք նաեւ լաթն ու շորը: Այս վերջինն է, որ հայը կը տանի իր հեթանոսութեան ժամանակաշրջաններուն, երբ կարօտեալներ եւ սիրահարներ սրբազան ծառի մը ճիւղէն օգուտ կ՛ակնկալէին: Աւետիս Ահարոնեան 1908ին, Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսած «Կեանքի Վէպը» գիրքին մէջ գրի առած է այդ աւանդութիւնը. «Դողդոջուն ձեռքով իրանց զգեստից մի կտոր, ծլանքի մի ծայր կապում են նուիրական ու հրաշագործ ծառի ոստերից եւ նրա հետ էլ իրանց հոգու մի մութ կտորը, մի այրուած, թաղուած կտորը»:
«Կտոր»ը եւ Հայաստանը…: Ի՜նչ ցաւալի իրականութիւն. հայ բանաստեղծը չէ արտայայտուած, գրական գործեր չէ մտայղացած ամբողջական հայրենիքի մը համար: Անոր միտքին մէջ շատ անգամ երկիրը «կտոր» մըն է, հողը՝ կտոր մը, երկինքը՝ կտոր մը: Կոստան Զարեան «Նաւը Լերան Վրայ» վէպին մէջ գրած է. «Հայաստանը մնացել էր միս մենակ: Ինքը, իր լեռները, իր ժայռերը, իր կտոր երկինքը»: Զարեան այդ բառով հայրենասիրական քերթուածներ ալ հիւսեց. «Կարմիր բոց է դառնում մի կտոր գիշեր / Եւ մի երկիր», «Մի կտոր երկինք, գետակ, պարտէզ… Յիշեցի քեզ, Ասիս ու Մասիս… / Օ, հայ… / Կտոր հացը վշտիդ… / Առ խածիր, / Եւ նայիր, եւ նայիր / Ասիս ու Մասիս Արարատին»: Ապա յոյսի կտոր մը եկաւ. «Առաջ ցրուած, խառնուած էինք անհարազատ եւ թշնամի տարրերի հետ, իսկ այսօր մի կտոր հողի վրայ միատարր մի ազգ ենք»: Կարդանք Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Յուշիկք Հայրենեաց» երկէն կտոր մը, գրուած Զարեանէն երեք քառորդ դար առաջ, ու տեսնենք, թէ ան ի՛նչ նկատեր է հայոց ռազմական պատմութեան մասին. «Երբեմն յաղթութեան թմբուկքն բոմբեցին, երբեմն յաղթուելու եւ ետ քաշուելու սրտակտոր փողն հնչեց»:
Կիւմրի քաղաքի մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեան նկատեց, թէ Հայաստան «մի կտոր հող» է, եւ այն է պատճառը, որ մեծ-մեծ բառեր, ինչպէս «Երջանկութիւն» եւ «Խաղաղութիւն», հակառակ Աստուծոյ բոլոր ջանքերուն, աւա՜ղ, չտեղաւորուեցան անոր վրայ… Գրիգորեան կը շարունակէ տրտմիլ. «Եւ ի՞նչ անէր Աստուած, / որ լոկ «Ցաւ»ն եկաւ յարմար, / որ լոկ «Սուգ»ն եկաւ յարմար, / որ լոկ «Լաց»ն եկաւ յարմար / քո փոքրիկ հողակտորի համար…»:
Այդ փոքրիկ կտորին համար, զոր հայրենիք կը կոչենք, զոհ տուեր ենք հսկայական սիրտեր: Մէկը Արցախի մէջ զոհուած Ադամ Սահակեանն է, որ յետ մահու արժանացաւ «Լոյսի կտոր Ադամ» պատուաբեր կոչումին: Իսկ ի՞նչ կը զգայ որդեկորոյս մայր մը: Վշտահար մօր համար 12րդ դարուն սրտաճմլիկ տողիկ մը գրի առած է Ներսէս Լամբրոնացին, Մարիամ Աստուածածինը նկատի ունենալով. «Մայրն, որ յայնժամ սրտակոտոր էր խոցելոց»:
«Կտոր» բառը քնարական մաս մըն ալ ունի. վկան՝ Յովհաննէս Թումանեանի առաջին բանաստեղծութիւնն է, որ ըստ երեւոյթին գրուած է սիրունիկ օրիորդիկի մը համար. «Հոգուս հատոր, / Սրտիս կտոր… / Մի պատանի / Սէրը սրտում / Դաս է սերտում»: Իսկ «Լոռեցի Սաքօն» քերթուածին մէջ բանաստեղծը իր աչքերը բարձրացուցած է դէպի երկինք: «Մի կտոր լուսին, նայում է գաղտուկ, թաքչում ամպերում»:
Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատը բառին տուաւ կտոր մը ծիծաղ, իր հերոսին՝ Կիկոյին հագածը ակնարկելով. «Թէ կրկէսի հսկայ վրան խայտաբղէտ – / Դուք Կիկոյին յետոյքը ի՞նչ կարծեցիք / Տաս-տասներկու կտոր գոյն գոյն կարկտան – / Միջազգային համաժողո՞վ կարծեցիք»:
«Կտոր» բառը նոր չէ, որ չքաւորութեան հետ նոյնացած է: 13րդ դարուն տաղասաց Ֆրիկը, երբեմնի բարեկեցիկ մարդը, երկրին մէջ տիրող անկայունութեան եւ օտար տիրակալներու անարդարութեան պատճառով դարած է ընչազուրկ ու գանգատ յայտնած է. «Էյ Չարխ*… Զվատին տունըն կու ծեփես ոսկով դու բոլոր, / Զաղէկն ի յերկիր ի ներս վտարես որ ժողովէ կտոր»:
Հայ ժողովուրդը ո՞ր բառն է, որ աւելի շատ կարկտեր է «կտոր»ին: Պատասխանը, մեր բախտն է կ՛երեւի, «հաց»ը: Խաչատուր Աբովեանի գրածն է… «Գնամ ընկնիմ մէկ իշխանի ոտք, ասեմ, ինձ մէկ կտոր հաց տայ»: Հայոց լեզուն հարստացեր է զրկանքը եւ կեանքի ցաւերը նկարագրող բազմաթիւ դարձուածքներով. «Քանի՞ կտոր ըլլամ», «Հազար կտոր ըլլալ», «Հացի մէկ կտորի կարօտ մնալ», «Կտոր մը չոր հաց», «Կտոր-բրդուճ ըլլալ», «Սիրտը կտոր-կտոր»: Ան նաեւ նշանակեց հարազատութիւն. «Իր հօր/մօր կտորն է»:
– Կտորներուն կէսը միացուցինք:
– Օփերայի շէնքն ալ կազմեր էք, ապրի՛ք:
Այս հանելուկ-պատմութեան վերջին կտորները պէտք է ըլլային բարդ բառերը, բազմագոյն եւ բազմակտոր: Քանի մը կտոր պատկերաւոր օրինակ լսենք. «Միակտոր քանդակ», «եռակտոր գեղանկար», «հատուկտոր խօսակցութիւններ», «հասարակ կոտորակ», «Կոտորածն անգութ»:
Աղջնակները կը միացնեն երկու հարիւրերորդ կտորը: Ամբողջացաւ պատկերը: Իսկ մենք փորձեցինք քով-քովի բերել «կտոր» բառին հազար կտոր պատմութիւնը: Այս զբաղմունը պէտք է աւարտել երգի վերածուած բանաստեղծութեամբ՝ Չարենցի գողտրիկ կտոր մը, որ տեղ գտած է «Դինջերը» խումբի «Մայրենի լեզու» սկաւառակին վրայ. «Զարթի՛ր, զարթիր, կապո՛յտ աղջիկ, ու նայի՛ր խաչին… / Նա ոսկի է, երկի՛նք նետած մի կտոր ոսկի»:
* Չարխ՝ Ճակատագիր, բախտի անիւ