ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մրցավազքի մէջ ըլլալու պէտք չունինք: Կեանքը միշտ կը նմանցուի վազքի, որովհետեւ առօրեայ դրութեամբ ամէն մարդ պատառ մը հացի ետեւէ հեւքոտ կ՛ընթանայ, կարծես կը վազէ: Սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ մեր կարողութենէն աւելի չենք կրնար վազել: Դաստիարակներ իրենց յանձնուած երեխաներուն վաղ տարիքէն կը սորվեցնեն յատկապէս հանդարտ կարդալ ընթերցանութեան համար որոշուած հատուածը: Արագ կարդացողը միշտ կը զգուշացնեն ուսուցիչներ՝ ըսելով թէ ետեւէն ձիաւոր չէ՛ ինկած, պէտք չունի՛ աճապարելու:
Մարզիկներ եւս իրենց նախապատրաստական մարզանքներուն ընթացքին մարզիչներու կողմէ կը խրատուին հանդարտութեամբ սկսիլ փորձերուն, որպէսզի աւելի երկար կարենան տոկալ: Մարզական ասպարէզը ներկայ աշխարհին մէջ տարբեր խաւերու եւ տարբեր տարիքներու մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծած եւ բազմամիլիոն հետեւորդներ ունեցող ասպարէզ է: Երբեմն այն մտածումը գոյութիւն ունի, որ մարզիկը սխալելու իրաւունք չունի:
Ոտնագնդակի խաղի մը ընթացքին երբեմն անոր կատարած մէկ սխալին հետեւանքով, տուեալ խումբին համակիր միլիոնաւոր ակնդիրներ յուսախաբութեան կը մատնուին: Միւս կողմէ, երբ ականաւոր մարզիկ մը յաջողի սպասուածէն աւելի ճիգով անակնկալ մը պարգեւել եւ մրցանակ մը արձանագրել իր խումբին, հետեւորդներու խանդավառութենէն բացի, մեծահարուստ համակիրներէն ոմանք անսպասելի նուէրներ կ՛ընծայեն այդ մարզիկին: Խաղի պահուն իսկ, դաշտին վրայ տիրող խանդավառ մթնոլորտը կը գերազանցէ բոլոր տեսակի տօնախմբութիւնները, որոնց համար օրեր, ամիսներ եւ նոյնիսկ տարիներ առաջ կը նախապատրաստուին մարդիկ: Խաղընկերները իրենց ընկեր մարզիկը իրենց ուսերու վրայ կը բարձեն, խանդավառ բացագանչութիւններու տարափին տակ ակնդիր համակիր ժողովուրդին, որ յանգաւորուած եւ վանկատուող զուարթ գոչումներով եւ շնորհաւորանքներով զգլխիչ մթնոլորտ կը ստեղծէ ամփիթատրոնին մէջ, իսկ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ փոքր պաստառի վրայ խաղին հետեւող համակիրներ, որոնք ներկայ չեն դաշտին մէջ, ցնծութեամբ կ՛ողջագուրուին, պղպջակաւոր թունդ գինիի շիշը կը ցնցեն խցան պայթեցնելով եւ պարունակութիւնը կը ցնցուղեն իրարու վրայ, անգիտակից մղումով այդ յաղթանակին պարգեւած ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասցնելու համար:
Առողջական յատուկ խնդիրներ ունեցողներէ բացի, բժիշկներ բոլորին կը յանձնարարեն օրական գէթ կէս ժամ քալել, յատկապէս անոնց, որոնք նստակեաց աշխատանք ունին եւ շատ քիչ առիթ՝ ֆիզիքական շարժման: Նուազագոյն մարզանքը՝ քալելը նոյնիսկ ունի իր արագաչափերը: Մանաւանդ անոնք որոնք մնայուն վարժութիւն չունին քալելու, պէտք է հանդարտօրէն սկսին իրենց մարզանքին եւ որոշ ժամանակ ետք միայն աւելի աշխուժացնեն ընթացքը: Այլապէս բացասական արդիւնք կու տայ նոյնիսկ առողջապահութեան ակնոցով դիտուած այս շատ անհրաժեշտ մարզանքը: Հաւանաբար փորձառութիւն ունեցած էք քալելու մէկու մը հետ, որ ամէնօրեայ վարժութիւն ունի քալելու եւ որուն կողքին քալելով, չէք հասնիր անոր գրեթէ վազքի վերածուող քայլուածքին…
Քալելու արարքը նաեւ մարմնական առողջութեան իբրեւ քննութիւն կը կատարեն բժիշկները, սրտանօթային բնականոն գործունէութիւնը ստուգելու համար: Անոնք յատուկ վազագորգի վրայ կը քալեցնեն իրենց հիւանդը, հետզհետէ արագացնելով փորձամեքենային ընթացքը, չափելու համար սիրտին զարկերը: Քալելու արագութեան հետ սիրտին բաբախումը բարձր թիւ կ՛արձանագրէ, հետզհետէ ախտորոշումը կատարելով հիւանդութեան, ցոյց տալով արեան ճնշման աստիճանաչափը եւ երակներուն խցանուած կամ բաց ըլլալը:
Քալելու գաղափարին մէջ նաեւ կը պարփակուի բարոյական իմաստ, որովհետեւ ճիշդ կամ ուղիղ քալելու փոխաբերութիւնը կը գործածուի ուղղամիտ մարդոց ապրած կեանքին համար: Անոնք, որոնք իրենց անձին վնաս չհասցնելէ բացի, յատկապէս ուրիշներու կեանքին միջամուխ չեն ըլլար, այսինքն վնասակար տարրեր չեն իրենց շրջապատին մէջ: Աւելին, անոնք իրենց ուղղամտութեամբ ճամբայ ալ ցոյց կու տան շուարած կամ իրենց ճամբան կորսնցուցած մարդոց:
Նիւթապէս, բարոյապէս, քաղաքականօրէն թէ այլ իմաստներով իրենց ճամբան կորսնցուցած մարդիկ կրնան աղէտ դառնալ մարդկութեան կեանքին, մէկը՝ գողութեամբ, միւսը՝ անբարոյութեամբ, երրորդը՝ քաղաքական լարախաղացութեամբ, ուրիշ մը՝ քայքայիչ դիւանագիտութեամբ եւ այլն: Ուղղամիտ մարդիկ, ի գին ամէն զոհողութեան, կը փորձեն իրենց կարելին ընել՝ ճշմարտութեան հետամտելով եւ արդարութեան կողմնակցելով: Երբեմն անոնք իրենց այս խիզախ քայլին պատճառով անխնայ կը հարուածուին, մինչեւ իսկ կործանման անդունդին կը հասնին, երբեմն ալ իրենց կեանքը կը զոհեն, չհրաժարելու համար իրենց սկզբունքներէն:
Ճիշդ քալողներուն շուրջ քննադատութիւնը անպակաս կ՛ըլլայ: Արագ կը քալես՝ կ՛ըսեն ծուռ կը քալէ, դադաղ կը քալես՝ կ՛ըսեն կոյր է, կը խարխափէ: Զարմանալի է աշխարհը իր մարդկութեամբ: Ծերունի բարեկամս միշտ կը կրկնէր՝ ըսելով. «Վիզէդ երկու խուրջին պիտի կախես, մէկը դէպի ետեւ, միւսը՝ առջեւ: Ինչ վատ բան որ լսես քու մասին, ետեւի խուրջին մէջ պիտի նետես, իսկ ինչ լաւ բան որ լսես՝ առջեւի խուրջինին մէջ պիտի պահես գուրգուրանքով»:
Կասկած չկայ, որ մարդ եթէ իր ամէն լսածները լուրջի առնէ, չի՛ կրնար իր կեանքը խաղաղ ու երջանիկ ապրիլ: Պէտք է համոզում գոյացնենք, որ միշտ պիտի քննադատուինք եւ բամբասուինք, հաստատ իմանալով, որ չքննադատուող ու չբամբասուող մարդ չէ եղած այս աշխարհին մէջ, սկսեալ Յիսուսէն, մինչեւ սուրբերը: Հապա մե՞նք, որ մեղաւոր էակներ ենք, բնականօրէն, ամէն վայրկեան ենթակայ պիտի ըլլանք քննադատութեան, մեր գործած սխալ արարքներուն եւ ունեցած բազմաթիւ մեղքերուն համար:
Ուրեմն, արագ քալելուն ընթացքին կայ ծուռ ընթանալուն վտանգը, որ նաեւ բամբասանքի ու քննադատութեան պատճառ կը հանդիսանայ, իսկ դանդաղ քալելու պարագային կայ կոյր կարծուելու ծիծաղաշարժ կացութիւնը, որ հանրային ծաղրանքի առիթ պիտի հանդիսանայ:
Չափաւոր կամ հաւասարակշռուած քայլուածքը ամէնէն յարմարն է թէ՛ մեր ֆիզիքական սիրտին առողջութեան եւ թէ մեր բարոյական սիրտին բնականոն բաբախումին համար:
Ծերունի բարեկամս, որ միշտ հոգեւոր սկզբունքները բարոյական պատուէրներուն հետ այնքան սերտ կ՛առնչէր՝ աղբիւր ունենալով Աստուածաշունչ մատեանը, յաճախ կը յիշեցնէր, որ բարոյապէս ուղղամիտ մարդը առանձին չի՛ մնար: Ան անպայման ուղեկից մը կ՛ունենայ իրեն: Մեր զարմացական հարցումին, թէ ուղղամիտները միշտ կը մերժուին մարդկային ընկերութեան կողմէ, ուրեմն ինչպէ՛ս անոնք ուղեկիցներ կ՛ունենան, ան կը պատասխանէր՝ ըսելով որ ուղիղ քալող մարդուն ուղեկիցը Աստուած է: Ծերունին անվարան կը խրատէր ըսելով. «Դուն շիտակ քալէ, Աստուած ալ քեզի հետ կը քալէ»: Ուղղամիտ մարդուն արդար կեցուածքը վաւերացնելով, անոր ինքնութեան թուղթին տակ Երկնաւոր Դատաւորին կնիքը կը դնէր ան, որովհետեւ ուղղամիտ մարդը, իր նախատիպին՝ Աստուծոյ պատկերն է, որ բնաւ չի՛ լքեր այն մարդուն, որ Իր ներկայացուցիչը կը դառնայ այս կեանքին մէջ, իր ուղղամտութեամբ պաշտպանելով անիրաւուած մարդոց դատը:
Դուն հաւասարակշռուած քալէ՛, այնպէս ինչպէս Աստուած կը քալէ Եդեմի պարտէզին մէջ, տեսելու համար, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կը խախտուին իր խաղաղասիրական օրէնքները այս կեանքին: