«Սփութնիք Արմէնիա»ն կը գրէ, թէ հայկական սովորական թղթադրամները իրենց անուանական արժէքէն 2-3 անգամով աւելի սուղի կը վաճառուին «Իպէյ» կայքին վրայ, մինչ զանոնք ծախողները կը պնդեն, որ անոնք հազուագիւտ թղթադրամներ են։ Օրինակ, հազուագիւտ թղթադրամներու բաժինին մէջ կարելի է տեսնել սովորական 20,000 դրամը, որ կը ծախուի մինչեւ 108 տոլարի, որ համազօր է 50,000 դրամի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.