ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Վանի ապահովական վարչութեան աշխատակիցներու կողմէ գրեթէ միաժամանակ իրագործուած գործողութեան մը ընթացքին, 6 Դեկտեմբերին ձերբակալուեցան Վան նահանգի Մուրատիէ, Օզալփ եւ Պաշքալէ շրջաններու չորս պաշտօնատարներ: Բոլոր ձերբակալուածները անդամ են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան. քաղաքական գործիչներ, որոնք կը մեղադրուին Թուրքիոյ մէջ «ահաբեկչական խմբաւորում» նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամակցելու եւ «ահաբեկչական խմբաւորման» ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու յանցանքներով. ամբաստանութիւն մը, որ վերջին տարիներուն վերածուած է իշխանութեանց կողմէ այլախոհները լռութեան մատնելու գործիքի մը:
Ձերբակալուածներուն բնակարանները խուզարկուած են եւ գրաւուած են մեծ թիւով փաստաթուղթեր: