
ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՇԱՀԵՑԱՒ ՔՈՒԷՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, 8 Դեկտեմբերը Թուրքիոյ հայ համայնքին պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի որպէս վերջին շրջաններու ամէնէն բախտորոշ ու անակնկալներով լեցուն թուականը։ Արդարեւ, Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան առաջին փուլն էր եւ պիտի իրականանար երկու թեկնածուներուն կողմնակից պատգամաւորներու ընտրութիւնը. երկու թեկնածուներն էին՝ պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեան։ Պետութեան կողմէ ղրկուած կանոնագրութիւնը արգիլած էր արտասահմանի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներու թեկնածութիւնը։
Օրերէ ի վեր երկու թեկնածուներուն կողմնակիցները տենդագին աշխատանք կը տանէին իրենց պաշտպանած թեկնածուին ի նպաստ։ Արամ սրբազանին պատգամաւորները հրապարակ իջած էին մանիշակագոյն ցանկով, իսկ Սահակ սրբազանի պատգամաւորները՝ նարնջագոյն։
Ընդհանուր կարծիքը այն էր, որ թեկնածուները գրեթէ հաւասար թիւով պատգամաւորներ պիտի ապահովէին, իսկ շատեր առաւելութիւն մը կը տեսնէին Արամ սրբազանին մօտ։ Բայց, Կիրակի իրիկուն, երբ յայտնի դարձան քուէներուն գոյները, ամբողջ համայնքը որոշ անակնկալի մը դէմ յանդիման եկաւ, որովհետեւ Սահակ սրբազանի ցանկերը գրեթէ ամէն թաղի մէջ ջախջախիչ մեծամասնութիւն արձանագրեցին։
Այլեւս յայտնի է, որ 11 Դեկտեմբերին Թուրքիոյ Հայոց 85րդ պատրիարքը պիտի դառնայ Սահակ սրբազանը։ Անտարակոյս ընտրուած անձին անունը չէր որ զարմանք կը պատճառէր, որովհետեւ արդէն երկուքն ալ հաւանական պատրիարք կը նկատուէին։ Քուէներու թիւին անօրինակ տարբերութիւնն էր, որ զարմանք կը պատճառէր։
Ուրախալի է, որ ընտրութիւնը կատարուեցաւ առանց լուրջ միջադէպի։ Տրուած ըլլալով, որ ընտրութեան նախորդած էր բաւական կրակոտ մթնոլորտ, մտավախութիւն կար, որ խռովութիւններ կամ անհաճոյ դէպքեր կրնային պատահիլ։
Պէտք է ընդունիլ, որ Նախաձեռնարկ մարմինը ապրեցաւ դժուար օր մը, բայց յաջող գործ տեսաւ։ Ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու կանոնաւոր կերպով տեղեկութիւններ կը հաղորդէր եւ կանուխէն տեղեկութիւններ տուաւ մամուլին։
Նախաձեռնարկ մարմինի տուեալներուն համաձայն՝ քուէները բաժնուեցան հետեւեալ կերպով. Սահակ սրբազանին՝ 89 պատգամաւորներ, իսկ Արամ սրբազանին՝ 12 պատգամաւորներ։ Կար նաեւ անկախ պատգամաւոր մը։
Կրօնական 17 պատգամաւորներ եւս ընտրուեցան։
Աւարտին, թէեւ թաղերու ներկայացուցիչները կը գանգատէին, որ քուէարկողներուն կէսը միայն քուէ գործածած էր, գործածուած քուէներուն ընդհանուր թիւը կը հասնէր 14 հազարի, ինչ որ շատ ալ ցած թիւ մը չէր։ Այս թիւին 9 հազարը գացած էր նարնջագոյն ցանկին, 3500ը՝ մանիշակագոյնին։ 754 քուէներ անվաւեր նկատուեցան, իսկ 376 քուէաթղթիկներ պարապ էին։
10 Դեկտեմբերին, «Մարմարա»ն կապ հաստատեց Սահակ սրբազանին հետ, զայն շնորհաւորելու եւ իր կարծիքը շօշափելու համար. սրբազանը հետեւեալը յայտնեց. «Մեր ժողովուրդը կը սպասէ նոր սկիզբ մը, թարմ սկիզբ մը։ Այն, ինչը կը սպասէ, ասիկա Սահակ սրբազանին մէջ կը տեսնէ, բայց իմ ուսերուս ալ ծանր պարտականութիւն մը կը բեռցնէ։ Գալով այն կէտին թէ կը սպասէի՞ քուէներու այսքան մեծ տարբերութեան, պէտք է ըսեմ, որ յաղթանակէն վստահ էի, որովհետեւ դաշտէն եկած արդիւնքները այդպէս ցոյց կու տային, բայց ինծի համար ալ այսքան մեծ տարբերութիւն մը անակնկալ եղաւ։ Այն վախցուածը չեղաւ, որ հազարներով մարդիկ պոյքոթի ենթարկեն ընտրութիւնը։ Ճիշդ է նաեւ, որ բաւական մեծ թիւով քուէարկողներ չկրցան իրենց պարտքը կատարել, որովհետեւ անօրինակ բազմութիւն եւ պոչեր կազմուած էին մեր հայաշատ եկեղեցիներու շրջանակերուն մէջ»։
Տիգրանակերտի մէջ եւս ընտրութիւններ կատարուեցան, կը հաղորդէ «Ակունք»ը։
Արդարեւ, 2015էն ի վեր փակ մնացած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին մէկ օրով բացուեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ, պատուիրակներու ընտրութիւնը կատարելու համար: «Ակունք»ի թղթակից Կարօտ Սասունեան կը գրէ, թէ ընտրութեան մասնակցեցան Խարբերդէն 21, Մարտինի Տերիք գաւառէն 1, Սասունի եւ Տիգրանակերտ գաւառներէն 26 ընտրողներ։ Մաշալեան սրբազանին համար որպէս պատուիրակ ներկայացած Խարբերդէն Սարգիս Ութաշ, որ 24 ձայներ ստացաւ, իսկ Աթէշեան սրբազանին համար որպէս պատուիրակ ներկայացած եւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ ղեկավար խորհուրդի երկար տարիներու անդամ Ապտուլքաֆուր Թիւրքայ՝ 26 ձայներ:
Ըստ Նախաձեռնարկ մարմինի տուեալներուն՝ աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ 6 քաղաքներու 37 ընտրաշրջաններուն մէջ: «Ըստ ընտրութեան պաշտօնական համակարգչային արդիւնքներուն, ընտրողներ 13,704 քուէ գործածուած է։ Բաղդատած 1998ի պատրիարքական ընտրութեան, որուն մասնակցած էին 15,807 քուէարկողներ, նկատի ունենալով զանազան պատճառներով համայնքի թիւի նուազումը եւ բողոքի իրենց իրաւունքը գործածողներու թիւերը, յայտնուած է, որ քուէարկողներու թիւը չէ նուազած: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ հայաշատ թաղերու մէջ գոյացած երկար հերթերուն եւ զանազան պատճառներով չմասնակցողներու թիւը»:
ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ԴԺԳՈՀ Է
Քրդամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ դժգոհ է Անգարայի պարտադրած սահմանափակումներէն՝ յայտարարեց, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք ընտրուած անձը պիտի չճանչնայ իբրեւ պատրիարք՝ աւելցնելով. «Պատմութեան մութ էջերուն մէջ պիտի յայտնուին բոլոր անոնք, որոնք կը խաղան մեր պատիւին հետ, ինչպէս նաեւ այն հոգեւորականներուն անունները, որոնք կը համագործակցին անոնց հետ»: