ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ու տակաւին միտքիս մէջ թարմ է, թէ ինչպէս այդ օր, պարզ երեկոյ էր ու ես սենեակս, սեղանիս կողքը նստած, խոր ընթերցումով զբաղուած պահուս, յանկարծ լսեցի նոյնիսկ մեր քովի դրացիներուն ականջները խլացնելու աստիճան կնոջս պոռչտուքը, որ կու գար խոհանոցէն:
– Ո՞ւր ես, մա՛րդ, շուտ հասի՛ր, եկո՛ւր, հիմա կարդալ-գրելու ժամանա՞կն է…
Եւ ի տես այս անօրինակ ու անժամանակ տագնապին, դարձեալ միտքս լեցուեցաւ վախով մը, որ կարծես կը կրծէր էութիւնս: Ես բախտագուշակ չեմ, որ գիտնամ ինչե՜ր կը կատարեն մեր խոհանոցէն ներս: Բայց վայրկեանին բաւական «ծուռ» բաներ անցան միտքովս: Վազելով հասայ իր մօտ:
– Տե՛ս,- ըսաւ սարսափած աչքերով,- տե՛ս, ա՛յս էր պակաս… սառնարանին տակէն ջուր կը վազէ … ի՞նչ կեցած ես, բան մը ըրէ՛…
Բառերը հրահանգի մը ծանրութիւնը ունէին՝ կտրուկ հրահանգի, որ նորութիւն չէր: Բայց կարծես այս անգամ ձայնին մէջ քիչ մըն ալ յուզում խառնուած ըլլար: Թերեւս վախէն ալ էր: Վերջապէս այդ բոլորը անբնական կացութեան մը ծնունդն էին: Անկասկած:
Վայրկեանին չէի գիտեր ի՞նչ ընել: Ես ալ շուարած էի, աւելի ճիշդ՝ իր պոռչտուքէն ծնունդ առած վախէս: Իսկապէս, նախ կարծեցի ծանր բան մը պատահած էր, խոհանոցին մէջ դանակը սխալմամբ մատը… կամ ասոր նման վտանգաւոր եւ մտահոգիչ բաներ: Մարդ ես, միտքդ հազար տեղ կ՛երթայ:
Իսկ հիմա, որ ճիշդ իր քիթին տակն էի, տեսայ զինք… փառք Աստուծոյ, բան մը չունէր: Ոչ արիւն եւ ոչ ալ «մարիւն»: Միայն սառնարանին տակէն հոսող ջուրը սկսած էր խոհանոցի քարերն ալ թրջել: Ճիշդ այս ջուրին պատճառով էր, որ մեր տան մէջ կեանք ըսուածը իր կշռոյթը կորսնցուցած էր: Ու ինչ մեղքս պահեմ, կը կարծէի որ թոռներէս մէկուն «գործերէն» էր…
– Քա մա՛րդ, չոճուխը ինչպէ՞ս սառնարանին տակ պիտի մտնէ,- շուտով հակադարձած էր կինս, իր թոռները «սրբացնող» մեծ մօր մը «փաստաբանութեամբ»:
Նայեցայ չորս կողմս ու քիչ մը ունեցած խելքս «աշխատցնելով», անմիջապէս սառնարան ջուր հասցնող խողովակին հոսքը փակեցի: Հաստատօրէն, ստեղծուած սարսափը մնաց ետեւ ու խաղաղութիւնը կրկին անգամ տիրեց:
Իսկ հիմա, ասկէ ետք ի՞նչ պէտք էր ընէինք: Անօրինակ տեսարան: Բարեբախտաբար կինս ինձմէ աւելի արթուն դուրս գալով, հեռաձայնով դիմած էր սառնարանը նորոգողին: Ապա քանի մը վայրկեան ետք, ինծի դառնալով եւ բաւական հանդարտ ձայնով ըսաւ.
– Վաղը առտու Յովսէփը՝ սառնարան նորոգողը պիտի գայ եւ շինէ:
Այդ երեկոյ պաղ ջուրէն զրկուեցանք: Հոգս չէր, կ՛ըսէի մտովի, ինչպէս որ ըլլայ գիշեր է… Յաջորդ առաւօտ Յովսէփ «փրկիչը» եկաւ: Քննեց, ապա հանդարտօրէն բացատրեց՝ ըսելով.
– Սառնարանին ջուր հասցնող «փլաստիքէ» խողովակը ծակած է… կարծես մէկը կրծած է…
Ուստի շուտով նոր խողովակ մը անցուց եւ հինը ցոյց տալով, աւելի համոզիչ՝ աւելցուց.
– Ասիկա չօճուխի գործ չէ. դուք մո՛ւկ ունիք… մուկը կրծած է «փլաստիքը»։ Հոս մո՛ւկ կայ, անոր ճարին նայեցէ՛ք,- ըսաւ, ժպիտի նման բան մըն ալ սահեցնելով դէմքին վրայ ու գնաց:
Ինքնաբերաբար կապուած մնացի բառերուն: Էրիկ-կնիկ իրար երես նայեցանք:
Մո՞ւկ՝ սոսկում պատճառող կենդանի: Էհ, ի՞նչ պիտի ըլլար վերջը: Արդեօք հիմա ալ տան մէջ կատո՞ւ պահելու էինք: Ա՛ռ քեզի նոր պատմութիւն: Մեր տան մէջ միայն այդ կատուն պակաս էր, ահա ան ալ պիտի աւելնար:
Եւ յանկարծ իբրեւ մեծ գիւտ, ամէն մէկս փայտի կտոր մը, գաւազան մը բռնած՝ սկսանք սենեակէ սենեակ պտըտիլ ու զայն ամուր գետին զարնելով ամբողջ տունը դառնալ: Յովսէփին երթալէն ետք, լրջօրէն սկսանք էինք մուկի «փնտռտուքի»: Մահճակալներուն տակերը, ապա պահարաններուն մէջ… աղմկելով մուկ փնտռել: Ծիծաղելի, բայց իրական: Այսպէս, տեղ-տեղ պոռալով եւ երբեմն ալ գաւազանը ամրօրէն դռներուն զարնելով, զանազան անօրինակ ձայներ հանելով, վախցնել ձեւացուցինք, խորհելով որ յանկարծ այդ ձայնէն կամ աղմուկէն կենդանին դուրս պիտի գար եւ արդէն փողոցի դուռը բաց ձգած էի, ուստի ուղղակի դէպի փողոց… Բայց չյաջողեցանք: Ահա քեզի «ծակ» տրամաբանութիւն. «ո՛չ մուկ եւ ոչ ալ ձուկ», ինչպէս որ կ՛ըսեն: Այն ինչ որ չկար, բայց է: Դարձեալ միտքս լեցուեցաւ տագնապով: Անտարբեր մնալը աւելի վախ կը յառաջացնէր: Ուստի յաջորդ առաւօտ, յոյսի թելէն բռնած, առաջին գործս եղաւ կանչել «մկնորս» ընկերութիւն մը:
Որոշուած ժամուն «որսորդը» եկաւ: Նախ քննեց վայրը, ապա զննեց կրծոտուած խողովակը: Հագուստը փոխեց, բարձրացաւ «տանիք» եւ յետոյ մտաւ մեր տան նեղ ու քարքարոտ տակի բաժինը: Ապա բերաւ հինգ-վեց թակարդներ ու նկարելու գործիքներ ու զանոնք մեր տան զանազան բաժինները տեղաւորեց:
Կարճ ըսեմ: Քանի մը օր ետք, երբ երեկոյեան գործէս տուն վերադարձած էի «մկնորսը» մեզի էր ու կնոջս կը բացատրէր իր աշխատանքին դրական արդիւնքը: Մարդը, մուկերը սատկեցուցած էր եւ իր խօսքերը նաեւ կը հաստատէր յատուկ ֆիլմով մըն ալ: Գործին տէրն էր: Նկարահանած էր մուկերուն դրացիիս պարտէզէն դէպի մեր տուն ամէնօրեայ «արշաւանքը»: Շանթահար իրականութիւն: Այնքան զարմանալի:
Անմիջապէս դրացիիս վազեցի: Խնդրեցի, պատուիրեցի, նաեւ խրատեցի անպայման այդ անպիտանները սատկեցնել… Մէկ խօսքով՝ ոչնչացնել թելադրեցի: Մեր «մկնորսին» հասցէն ալ տուի եւ թէեւ այս տարիքիս ամբողջ շաբաթ մը փոխանակ թոռնիկ խաղցնելու մուկերը խաղցուցած էի, այդ գիշեր հանգիստ միտքով քնացայ:
* * *
Տարիներ անցած են այս դէպք-պատահարին վրայէն: Յաճախ մենութեանս մէջ, ես ինծի հարց կու տամ. թէեւ մուկերը կրցած էին «քանդել» մեր տան խաղաղութիւնը եւ մեզ ալ մէկ շաբաթ տեսակ մը սարսափի մթնոլորտի մէջ պահած, բայց, վերջ ի վերջոյ, մենք փորձած էինք առաջքը առնել այս «քանդումին»: Նոյնիսկ իբրեւ լուծում, կատու մը պահելու գաղափարն ալ մտածած էինք, եւ իբրեւ վերջին գերագոյն լուծում՝ «մկնորսին» օգնութեամբ՝ հարցը լուծած:
Իսկ մեր գաղութէն ներս, արդեօք չե՞նք տեսներ, թէ տեսակաւոր մեծ ու փոքր «մուկերը» ի՜նչ աւերներ գործած են եւ տակաւին կը գործեն ու մենք ցարդ առաջքը չենք կրցած առնել: Սկսելով մեր գաղութի ներկայ իրավիճակէն, մեր իրարու այլամերժութենէն, մեր նախանձէն եւ անհանդուրժողական մթնոլորտէն, մեր «բանգիտութենէն», մեր աւելորդապաշտութիւններէն, մեր նոր սերունդի օտար լեզուով խօսելու ունակութենէն, հասնելով մինչեւ մեր գիրին ու գրականութեան, մեր մշակոյթին եւ մեր հաւատքին ու աւադութիւններու անտեսման դռները:
Ալ մենք զմեզ չխաբենք: Տեսանելի են, թէ ինչպէ՛ս գաղութային «մուկերը» կրծած են մեր էութիւնն ու գիտակցութիւնը: Արդեօք չե՞նք անդրադառնար: Արդեօք մեր կատուները, մուկերուն հետ հաշտ ապրի՞լ կը սիրեն կամ ալ այդպէ՞ս վարժուած են: Ա՞յդ է պատճառը: Պատասխան չունիմ: Ողորմած մեծ մայրս միշտ կ՛ըսէր, թէ «բակին մէջ կատու մը պահելը, ինքնին արդէն բաւական է մուկերէն փրկուելու, բայց պէտք է կատուն արթուն մնայ»:
Այո, սակայն մեր գաղութի «բակէն» ներս արդեօք կատուներ ունի՞նք: Այնպէս կ՛երեւի թէ չունինք: Պէտք մինչեւ հիմա ունեցած ըլլայինք, որպէսզի ազատօրէն շնչող, պտըտող, ապրող այդ «մուկը» կամ «մուկերը» մեզ չքանդեն, մեր ինքնութիւնը չփճացնեն, որպէսզի մաքուր եւ անաղարտ մեծնայ մեր նոր սերունդը, անոր կողքին ամուր պահուի մեր լեզուն եւ գոյատեւէ մեր ազգը: Արդեօք մեր կատուն քնացա՞ծ է կամ ուրիշ բաներով զբաղած է: Դարձեալ տեղեակ չեմ: Դուք ինձմէ աւելին գիտնալու էք:
Մեր մումուլը միշտ եւ ամէն առիթով նման մտահոգիչ հարցերու դեղատոմսերը ձրիօրէն բաժնած է եւ նոյնիսկ՝ «մկնորսներու» հասցէներու ցանկերը պարզած: Բայց… այնպէս կ՛երեւի, թէ գաղութին «մուկերը» տարիներ շարունակ կրծելով մեր ականջները, մեզ խլացուցած են:
Վա՜յ մեզի…