ՊԷՅՐՈՒԹ.- Մեկենասութեամբ «Գոհար» համոյթին, անցնող շաբաթավերջին, «Թեաթրոն» թատերախումբը Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ երեք ելոյթներով հանդէս եկաւ «Կոմիտաս՝ Աստուծոյ Պարգեւը» երաժշտախառն ներկայացումով՝ բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի. հեղինակ՝ Լիլի Թոմասեան: Ներկայացումը կ՛ընդգրկէր նաեւ անգլերէնով տողատակ՝ օտար հանդիսատեսին եւս ծանօթացնելու համար Կոմիտասը, անոր կեանքը, ստեղծագործութիւնները եւ երգերը:
66 լիբանանահայ արուեստագէտներու կատարողութեամբ սոյն ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին 25 դերակատարներ, նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի, «Արարատ» հնգեակը՝ ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, ինչպէս նաեւ խումբ մը պարողներ, որոնք կը ներկայացնէին Կոմիտաս վարդապետի պատրանքները, ցնորքները եւ խաբկանքները, պարուսոյց՝ Լարա Ճիպեան:
«Կոմիտաս՝ Աստուծոյ Պարգեւը» թատրերգութիւնը, որ ձօնուած է Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150ամեակին, կը ներկայացնէ անոր կեանքը, անոր ապրած դժուար մանկութիւնը, որբ մնալով մեծ մօրը հետ ապրիլը, մշակոյթի պահպանման համար գիւղացիներէն մեղեդիներ եւ երգեր հաւաքելը, զանոնք մշակելը եւ ներկայացնելը, վարդապետ ձեռնադրուիլը, նաեւ իր ունեցած ուժը, գոյատեւելու կամքը եւ վերջաւորութեան իր աշխատութիւններուն մեծամասնութեան կորսուիլը ջարդին պատճառով, իր ապրած չարչարանքը, ապա հիւանդանալը եւ մահը: Հանդիսատեսը այս բոլորին ականատես կ՛ըլլայ Կոմիտասի ուղեղին ընդմէջէն, երբ մահամերձ վիճակի մէջ ան կը յիշէ իր կեանքի անցեալի դրուագները եւ կը վերապրի զանոնք:
Ներկայացման բեմայարդարումը, զոր կատարած է լիբանանահայ բեմադրիչ-դերասան Վարդան Մկրտիչեան, կը ներկայացնէ Կոմիտաս վարդապետին ապրած տարբեր վայրերը: Անիկա շինուած է շատ ամփոփ, գործնական, աչքի հաճելի եւ դերասաններուն համար հարազատ ձեւով:
«Շնորհալի» երգչախումբին մեկնաբանած երգերուն երաժշտական մշակումը կատարած է Հրայր Խտըշեան, իսկ ներկայացման ընթացքին ներկայացուեցան զանազան երաժշտագէտներու ստեղծագործութիւնները իւրաքանչիւր նիւթի համեմատ:
Արդարեւ, բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի հսկողութեան տակ, այս աննախընթաց աշխատանքին իր մասնակցութիւնը բերած իւրաքանչիւր արուեստագէտ մարմնաւորեց իր ստանձնած կերպարը: Յատկապէս կ՛արժէ յիշել Կոմիտաս վարդապետի տիպարը մարմնաւորող դերասան Կարէն Տարագճեան, որ ո՛չ միայն դէմքով, նայուածքով, բեմական կեցուածքով նման էր Կոմիտասին, այլ նաեւ իր բացառիկ խաղարկութեամբ այնքան հարազատօրէն մարմնաւորեց տիպարը, որ հանդիսատեսը պահ մը ինքզինք դէմ յանդիման զգաց իսկական Կոմիտասին հետ, զգաց անոր ապրումները, ներշնչումները եւ լաւապէս ըմբռնեց, թէ պէտք է տէր կանգնինք մեր հայկական արժէքներուն եւ զանոնք փոխանցենք սերունդէ սերունդ, ապա թէ ոչ Կոմիտասի ամբողջ աշխատանքը ի զուր կը դառնայ, ինչպէս նաեւ մեր նախահայրերուն պայքարը՝ զանոնք պահելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու, ապարդիւն կ՛ըլլայ: