ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբաններու միութեան 30րդ տարեկան համաժողովին մասնակցելու համար, ամրան, Լոս Անճելըս հրաւիրուած Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններ Արման Թաթոյեան եւ Արտակ Բեգլարեան նաեւ՝ շարք մը հանդիպումներ ունեցած էին։
Այդ հանդիպումներէն մէկուն շնորհիւ, վերջերս կարելի եղած է համագործակցութեան համաձայնագիր մը գոյացնել Իրաւագիտութեան Հարաւ-արեւմտեան համալսարանին հետ, ընդարձակելու համար համագործակցութիւնը իրաւաբանական կրթութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ նպաստելու երկու հանրապետութան մարդկային իրաւանց պաշտպաններու աշխատակազմի կարողութիւններու զարգացման:
Համաձայնագիրին շնորհիւ, Հայաստանէն եւ Արցախէն ուսանողներ կրթանպաստներ պիտի ստանան համալսարանի դասանիւթերուն հետեւելու համար։

«Ամերիկայի Հայ իրաւաբանական միութեան յայտնի փաստաբաններից եւ նշեալ համալսարանի դասախօսներից ստացուած անգնահատելի իրաւաբանական խորհուրդներն ու գիտելիքները կը նպաստեն Հայաստանում մարդու իրաւունքների ոլորտի զարգացմանը, ինչպէս նաեւ կարեւոր հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն նպաստել մեր աշխատակիցների կարողութիւնների զարգացմանը, ինչն էլ մեր աշխատակազմին աւելի մրցունակ կը դարձնի միջազգային հարթակում», ըստ «Նոյեան Տապան»ին՝ ըսաւ Թաթոյեան, յուշագիրի ստորագրութեան ընթացքին։
Համաձայնագիրին գոյացման մէջ կարեւր ներդրում ունեցած են համալսարանի փոխտնօրէն Տով Ուայզմըն եւ համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Անահիտ Ղարախանեան, ինչպէս նաեւ Հայ իրաւանաբանական միութեան ատենապետ Ժիրայր Գասապեան եւ փոխատենապետ Լուսի Վարպետեան: