ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ լրագրող Նեճտեթ Սարաճ Halk TV կայանէն հարցազրոցի մը ընթացքին խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ներկայիս Թուրքիա ապրող հայերուն իրավիճակին մասին:
Ան նշեց, որ իր մանկութիւնը անցուցած է Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանին մէջ, ուստի ան հայերուն հարցերուն քաջածանօթ է:
«Հայերը իսկապէս շատ դժուար կացութեան մէջ են: Թուրքիոյ մէջ շատ դժուար է փոքրամասնութեան անդամ ըլլալը, յատկապէս երբ իրականութեան մէջ ազդեցիկ համայնք ունիս: Մենք մեր ականջներով լսած ենք (նախագահ Էրտողանին) «ներողութիւն արտայայտութեանս համար, բայց իմ հասցէին աւելի վատ խօսք ըսած են. անոնք ինծի «հայ» կոչած են» արտայայտութիւնը եւ այդ պիտի չմոռանանք», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ վերոնշեալ խօսքը Էրտողան արտասանած էր իր վարչապետութեան օրերուն, երբ ըսուած էր, թէ ընդդիմութիւնը զինք վրացի կը համարէ։
Ընդդիմադիր լրագրողը նաեւ ըսաւ, որ երբեմն մոռնալը փափաքելի կրնայ ըլլալ, բայց որոշ բաներ իսկապէս պէտք է յիշել։
«Քիչ մը պէտք ընդլայնենք մեր մտահորիզոնը: Գերմանիոյ վարչապետ Մերքել Լեհաստանի մէջ այցելեց Հրեաներու Ողջակիզման ճամբար-յուշահամալիր եւ շատ կարեւոր խօսք արտասանեց՝ ըսելով. «Այս վայրը գերմանացիները ղեկավարած են, եւ մենք պէտք է առերեսուինք այս պատմութեան հետ, պէտք է յիշեցնենք»։ Իսկ հոս միշտ կը խուսափին այս նիւթէն, բայց միայն յիշելով եւ յիշեցնելով այսպիսի հարցեր կը բարձրանան գիտակցութեան մակարդակի», աւելցուց Սարաճ՝ յիշեցնելով նաեւ Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Վիլլի Պրենտը, որ 1970ին Վարշաւիոյ հրէական շրջանի Ողջակիզման զոհերու յուշարձանին առջեւ ծնկաչոք ներողութիւն խնդրած էր հրէաներէն։