ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առաջին իսկ հայեացքով, այս բառը շատերուն նողկանք կը պատճառէ իբրեւ գործ, թէպէտ աշխատանքի խոնարհ տեսակներուն մաս կը կազմէ ան եւ իբրեւ այդպիսին, պէտք է յարգել նաեւ այս համեստ գործը: Տան փոխադրութեան կամ նոր կահ-կարասիներուն գնման պարագային, ատոնց ծանրագոյնները բեռնակիրներուն «բաժին կ՛իյնան», որոնք իրենց յատուկ ձեւերով զանոնք իրենց ուսերուն առնելով կը կրեն մինչեւ շէնքերու բարձրագոյն յարկերը, երբեմն փոխան նիւթական չնչին հատուցման:
Հին օրերուն աշխարհի բոլոր մասերուն, իսկ նոր ժամանակներուն երրորդ աշխարհեան երկիրներուն մէջ, խաղտաբղէտ պազարներու անկիւններուն կամ մօտակայ հրապարակներուն վրայ կանգնած մարդիկ կ՛երեւին, իրենց ուսին ուրարի նման հաստ եւ խտահիւս գօտիներ նետած, որոնք ուշադիր կը նային իրենց շուրջը, ծանր առարկայ կամ շուկայէն գնուած ապրանքներով լեցուն ծանր պայուսակներ ունեցող մարդիկը որսալու համար: Բեռնակիրներ են անոնք: Անոնց հուժկու մարմինը եւ հրաշալի լայն թիկունքը տեսնելով հիացող քաղաքացիներ լաւ գիտեն, որ ասոնք աղքատ մարդիկ են, որոնք իրենց ունեցած միակ դրամագլուխը՝ իրենց ֆիզիքական ուժը կ՛օգտագործեն, պարզապէս օրապահիկ շահելու համար եւ երբեմն ալ ամբողջ օրը անգործ մնալով, օրուան հացին կարօտ՝ տուն կը վերադառնան ձեռնունայն:
Թշուառներու այս փաղանգին գործը գնահատողները անոնք են, որոնց գործը այդ օր իր աւարտին կը հասնի բեռնակիրներուն միջոցաւ: Ծանր առարկան տեղափոխելու անկարելիութեան առջեւ գտնուող մարդը տեսնելով բեռնակիրին ուժը, քաջալերական արտայայտութիւններով կ՛ոգեւորէ զայն, սակայն գործի աւարտէն ետք անոր սահմանուած գումարը միայն կը յանձնէ, առանց մտածելու, թէ ինք բնա՛ւ պիտի չկարենար այդ ծանրութիւնը տեղէն շարժել… Միւս կողմէ, սահմանափակ այդ գումարը վճարողը կը մտածէ՞ արդեօք իր առարկաները տեղափոխած բեռնակիրին առողջութեան քայքայման մասին: Պիտի տագնապի՞, եթէ նոյնիսկ իմանայ թէ իր բեռները կրած անձը աղեթափութիւն ունեցած է եւ կամ վնասած իր ողնայարը: Դեռ եթէ՜ իմանայ…
Ահա թէ ինչո՛ւ թշուառներ կոչեցինք այս խումբի մարդիկը, որոնց միջոցաւ թէպէտ դժուարին գործեր կը յաջողցուին բարձր խաւին կողմէ, սակայն անոնք միշտ ալ ենթակայ են կորսնցնելու իրենց ֆիզիքական առողջութիւնը, ի խնդիր պատառ մը հացի:
Դեռ անցեալ դարու կէսերուն, Ատրպատականի հիւսիսային շրջանի՝ Ղարատաղի հայկական գիւղերուն իշխող խաներուն կազմակերպած աւազակութիւններուն ու գործած ոճիրներուն չդիմանալով, բազմաթիւ ղարատաղցի հայեր փախստական հասած են Թաւրիզ հայաշատ քաղաքը, ուր ամբողջ օրը պարան մը ուսերնին սպասած են հրապարակներու վրայ, իբրեւ բեռնակիր վարձուելու համար: Այս ալ պարագաներու բերմամբ բեռնակրութեան գործին փարած անձերու իրավիճակն է, հակառակ որ անոնք ունէին իրենց հողամշակութեան արդար գործը եւ համապատասխան «բարեկեցիկ» կեանքը:
Գտնուած են նաեւ բարեխիղճ մարդիկ, որոնք իրենց բեռները կրող անձերուն տանջանքը տեսնելով, կրկնապատիկ վճարած են անոնց: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տարագիր Ս. Աթոռին Սիսէն Անթիլիաս հաստատման ժամանակակից պատմութեան մէջ յիշուած է երանաշնորհ Պետրոս Ա. կաթողիկոսի անսպասելի մէկ վերաբերումը այն արաբ բեռնակիրին հանդէպ, որ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի կառուցման ընթացքին, տաճարին ճակատը զարդարող միակտոր քարի մը վրայ քանդակուած պատկերաքարը մէջքին կապած, լաստակառոյցէն վեր բարձրացած է տնքալով ու զայն դրած իրեն համար բացուած մասնաւոր տեղը: Պետրոս վեհափառը, այն ատեն դեռ արքեպիսկոսպոս եւ Կաթողիկոսական ընդհ. փոխանորդ, դէպի վար իջնող բեռնակիրը իր քով կանչելով, կարմիր ոսկեդրամ մը զետեղած է անոր ափին մէջ, առ ի գնահատանք կրած մեծ նեղութեան:
Փոխաբերական տարբեր նշանակութիւններ ունի բեռնակիր բառը, ինչպէս նաեւ՝ բարոյագիտական թեքումով զանազան իմաստներ: Արեւմտեան եկեղեցւոյ սրբազգեաց անձերէն՝ Ս. Օգոստինոս, կարիքաւորներու հանդէպ իւրայատուկ իր մօտեցումով եւ աղքատախնամութեան բացառիկ պատուէրներով, բարեպաշտ մարդիկը կը յորդորէ բարեգործութիւն կատարելու, հաստատելով առաքելական այն համոզումը, ըստ որուն՝ հաւատքը առանց գործերու՝ մեռեալ տարր է (Հմմտ Յկ 2.17): Աղքատ կամ մեր օգնութեան կարիք ունեցող մարդիկ ամէն տեղ են: Զանոնք փնտռելու պէտք չունինք: Անոնք արդէն մեր դիմաց կ՛ելլեն ուր ալ ըլլանք: Ներկայ ժամանակներուն հեռատեսիլի կամ ձայնասփիւռի կայաններն ալ անոնց կ՛օգնեն, մեր առջեւ բերելով զանոնք, եթէ «տեսողութեան խնդիր» ունինք եւ փողոցներուն մէջ նման թշուառականներ կը վրիպին մեր ուշադրութենէն:
Օգոստինոս Տիրաւանդ պատուէրին՝ երկրի վրայ գանձ դիզելու փոխարէն երկինքի մէջ զանոնք ամբարելու (Հմմտ. Ղկ 12.33), կու տայ գործնական մեկնաբանութիւն մը: Քու կատարած բարեգործութիւնդ, նոյնիսկ լռելեայն կատարած բարիքդ կարօտեալին, երկինքի մէջ առաքինութիւններուդ վարձքը ամփոփող գանձարկղին մէջ պիտի տեղադրուի: Սակայն զայն փոխադրող «բեռնակիր»ներու պէտք ունիս: Քու ուժդ բաւարար չէ՛ զանոնք տեղափոխելու, որովհետեւ դուն քե՛զ գոված պիտի ըլլաս, երբ ներկայանաս գանձապետին եւ խնդրես զանոնք տեղադրել գանձարկղին մէջ, որուն ո՛չ ցեցը կրնայ մօտենալ եւ փճացնել, ո՛չ ալ գողերը կրնան մօտենալ ու պատը ծակելով դիզած հարստութիւնդ գողնալ: Օգոստինոս կ՛ըսէ, որ մեր խնամքին ենթակայ եւ մեր օժանդակութիւնը ստացող աղքատները մեր «բեռնակիր»ներն են, մեր կատարած բարեգործութեան դիմաց մեր ստացած բարոյական վարձատրութիւնը երկինք փոխադրող…
Սովորական կեանքի մէջ դժուար աշխատանքներու դիմաց կանգնած եւ անճրկած մարդիկ երանի կու տան անոնց, որոնք ծառաներ, բեռնակիրներ, մէկ խօսքով իրենց օժանդակող մարդիկ ունին իրենց շուրջ կանգնած: Ո՞վ իր սրտի խորերէն երանի պիտի չտար այն մարդուն, որ բազմաթիւ օգոստինեան «բեռնակիր»ներ ունի, իր ստացած բարոյական վարձատրութիւնները երկնքի «դրամատուն»ը փոխադրող:
Սովորական նշանակութեամբ իմացուած եւ այս երկրորդ տեսակի՝ փոխաբերական իմաստով «բեռնակիր»ներուն միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ մինչ առաջինները իբրեւ աշխատանք եւ փոխան նիւթական վարձատրութեան կը կատարեն իրենց գործը, այս երկրորդ տեսակի «բեռնակիր»ները առանց վարձատրութեան եւ առանց մեր գիտութեան կը կատարեն զայն, իրենց սրտաբուխ աղօթքներուն միջոցաւ:
Երկրորդ տարբերութիւնը առաջինին եւ երկրորդին միջեւ այն է, որ մինչ առաջինները տնքալով, երբեմն ծանրութիւնը չափէն աւելի ըլլալուն՝ դժգոհելո՛վ կը կրեն մեր բեռները, երկրորդները՝ սիրայօժար կը տանին զանոնք ու կը յանձնեն երկնաւոր Գանձապետին:
Երանելի՜ ես եթէ ունիս նման «բեռնակիր»ներ շուրջդ: Բարի նախանձով պիտի նայիմ քեզի, որովհետեւ չեմ կրնար նիւթական վարձատրութեամբ անոնցմէ ամէնէն յետինն իսկ վարձել…