– Ներկայացուցիչներու տան Արդարադատութեան յանձնախումբը 13 Դեկտեմբերին, 17ի դէմ 23 քուէներով վաւերացուց նախագահ Տանըլտ Թրամփը պաշտօնազրկելու նպատակով անոր դէմ ներկայացուած պաշտօնական երկու ամբաստանութիւնները։ Ոչ մէկ հանրապետական թեր քուէարկեց։ Թրամփ կ՛ամբաստանուի նախագահի իրաւասութիւնները անձնական շահերուն համար օգտագործելու եւ Քոնկրեսին հետախուզութիւնները խոչընդոտելու յանցանքներով։ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը յառաջիկայ շաբաթ պիտի քննէ այս հարցը։
– Սթոքհոլմի SIPRI հիմնարկը հրապարակեց 2018ին, աշխարհի տարածքին մեծագոյն քանակով ռազմական արտադրանք վաճառած 100 ընկերութիւններուն ցանկը, որուն մէջ կան 43 ամերիկեան, 10 ռուսական, 3 իսրայէլեան եւ 2 թրքական ընկերութիւններ: Առաջին հինգ դիրքերը կը գրաւեան ամերիկեան ընկերութիւններ, իսկ ընդհանուր արտածումներուն 59 տոկոսը ամերիկեան է, 8.6 տոկոսը՝ ռուսական, 8.4 տոկոսը՝ բրիտանական, իսկ 5.5 տոկոսը՝ ֆրանսական։
– Իսրայէլի խորհրդարանը 11 Դեկտեմբերին պարտադրուեցաւ 12 ամսուան մէջ երրորդ անգամն ըլլալով արտակարգ խորհրդարանական ընտրութեանց դիմելու, որովհետեւ նախորդ ընտրութիւններուն մեծագոյն համեմատութեամբ քուէներ ապահոված քաղաքական ուժերը չկրցան համախոհական կառավարութիւն մը կազմել։ Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2 Մարտ 2020ին։
– Թուրքիոյ Կրօնական տեսչութեան եւ Կրօնական հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ՝ Անգլիոյ Քէյմպրիճ քաղաքին մէջ կառուցուած մզկիթին բացումը 5 Դեկտեմբերին կատարեց Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան: 1200 հոգի ընդունելու կարողութիւնը ունեցող մզկիթին կառուցումը արժած է 30 միլիոն տոլար:
– Աշխարհի տարածքին տարեկան ամենաշատ անտառահատումը տեղի կ՛ունենայ Ռուսիոյ մէջ։ Երկրորդ դիրքին վրայ է Պրազիլը։