ՀՌՈՄ, «Ռոյթըրզ».- Իտալիոյ Ծերակոյտի ընդդիմադիր անդամ («Լա Լիկա» կուսակցութենէն) Ռոպերթօ Քալտերոլի զգուշացուց «Լիպիոյ մէջ թուրքերու կողմէ հաւանական զինեալ միջամտութենէն»:
«Թրքական զինեալ միջամտութիւնը աղէտ եւ անկանխատեսելի հետեւանքներ պիտի յառաջացնէ», նշեց իտալացի ծերակուտականը:
«Կան անձեր, որոնք պէտք է սթափին եւ գիտակցին, թէ Էրտողան դարձած է այլ Սատտամ Հիւսէյն մը, եւ նոյնիսկ աւելի վտանգաւոր, քան Սատտամը», յայտարարեց Քալտերոլի՝ աւելցնելով. «Բռնատէր Էրտողան կ՛ուզէ վերակենդանացնել Օսմանեան կայսրութեան փառքը եւ Միջերկրականը վերածել թրքական ծովու: Պէտք է զգուշանանք, այլապէս մօտ օրէն պիտի լսենք բացագանչող մը, թէ թուրքերը մեր ծովեզերքը հասան, ինչպէս պատահեցաւ 1571ին, եւրոպական դաշինքին եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ Լեփանթոյի ճակատամարտէն առաջ, որ աւարտեցաւ վերջինիս պարտութեամբ», նշեց իտալացի ծերակուտականը: