ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն եւ նախկին վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, որ նախագահ Էրտողանի կողմէ անակնկալ որոշումով մը պաշտօնազրկուած էր Մայիս 2016ին, հիմնեց իր նոր կուսակցութիւնը եւ վերադարձաւ քաղաքական բեմահարթակ։ Մօտաւորապէս մէկուկէս տարիէ ի վեր կը խօսուէր այս մասին։ Ան քաղաքական քուլիսներու ետին աշխատանք կը տանէր ազդեցիկ դէմքեր ներգրաւելու համար։ Նոր կուսակցութեան մասին լուրերը աւելի լրջացան, երբ Տաւութօղլու պաշտօնապէս լքեց իշխող կուսակցութեան շարքերը եւ իր կապերը խզեց ղեկավար կազմին հետ, ամբողջութեամբ լծուելով քաղաքական նոր կուսակցութիւն մը հիմնելու գործին։ Ան իր նոր կուսակցութիւնը արձանագրել տալու համար արդէն դիմած է ներքին գործոց նախարարութեան։ Նորաստեղծ կուսակցութիւնը կը կոչուի «Ապագայ» («Կելեճեք»), իսկ կուսակցութեան խորհրդանշանն է սօսիի տերեւը, որ կը խորհրդանշէ աւանդութիւններու հանդէպ հաւատարմութիւն։
Յատկանշական է, որ կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկն է հայազգի լրագրող Էթիէն Մահճուպեան եւ յոյն Տիմոսթենիս Ռաֆալեթոս։
Նշենք, որ Մահճուպեան Տաւութօղլուի վարչապետութեան օրերուն եղած էր անոր գլխաւոր խորհրդականներէն մէկը։